ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՏԱՒՈՍԻ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՖՈՐՈՒՄԻՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի մասնակցի Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան յառաջիկայ շաբաթ պիտի այցելէ Զուիցերիա, ուր Տաւոսի ֆորումը նախատեսուած է 22-25 յունուարին։ Այս տարուայ համաժողովի նիւթն է՝ «Համաշխարհայնացում 4:0. համաշխարհային ճարտարապետութեան կառուցումը 4-րդ էնսթիթիւսիոնէլ յեղափոխութեան ժամանակաշրջանին»։

Տաւոսի մէջ Նիկոլ Փաշինեան կ՚ունենայ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։

Հինգշաբթի, Յունուար 17, 2019