ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՋԱՆԱՅ ԵՐԿՐԷՆ ՆԵՐՍ ԽՐԱԽՈՒՍԵԼ ԾՆԵԼԻՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի մէջ ժողովրդագրութեան ընդհանուր ընթացքը կը շարունակէ մնալ մտահոգիչ։ Երկրի ղեկավարութիւնը միշտ անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը պահէ համապատասխան խնդիրներու յաղթահարումը։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւոր կարեւորութիւն կը ներկայացնէ ծնելիութեան խրախուսուիլը եւ բազմազաւակ ընտանիքներու նկատմամբ ընկերային աջակցութեան ցուցաբերուիլը։ Ներկայ տարեմուտին Հայաստանի կառավարութիւնը որոշեց առաջին եւ երկրորդ երեխայի ծննդեան նպաստը դարձնել 300 հազար դրամ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, տարեմուտի ժողովին, Հայաստանի կառավարութեան որոշումով եւ ժողովրդագրական իրավիճակի բարելաւման նպատակով՝ Հայաստանի մէջ բարձրացուեցան երեխայի ծննդեան միանուագ եւ մինչեւ երկու տարեկան երեխայի խնամքի նպաստներու չափերը:

Նախապէս գործող իրաւակարգաւորումներուն համաձայն՝ երեխայի ծննդեան միանուագ նպաստի չափերը տարբերակուած էին, մասնաւորապէս նպաստի չափը առաջին երեխայի ծնունդին պարագային սահմանուած էր 50 հազար դրամ, երկրորդ երեխայի՝ 150 հազար դրամ:

Ըստ նոր կարգին՝ 1 յուլիս 2020-էն ետք առաջին եւ երկրորդ երեխաներուն ծննդեան պարագային միանուագ նպաստին չափը պիտի ըլլայ 300 հազար դրամ:

Ըստ միւս նախագիծին՝ Հայաստանի Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը կ՚առաջարկէ «Պետական նպաստներու մասին» Հայաստանի օրէնքով սահմանուած՝ մինչեւ երկու տարեկան երեխայի խնամքին նպաստի չափը աւելցնել եւ 18 հազար դրամի փոխարէն սահմանել 26 հազար 500 դրամ:

Այս կարգաւորումը եւս ուժի մէջ պիտի մտնէ յուլիս 2020-էն սկսեալ եւ պիտի տարածուի այդ պահուն շահառու հանդիսացող բոլոր քաղաքացիներուն վրայ:

Կը նախատեսուի նաեւ գիւղական համայնքներուն մէջ ապրող անձերուն մինչեւ երկու տարեկան երեխային խնամքի նպաստին իրաւունքը ամրագրել՝ անկախ մօր աշխատելու հանգամանքէն, ընդորում, աշխատելու պարագային նպաստը պիտի կրկնապատկուի:

Այս ծրագրերուն համար, ընդհանուր առմամբ, պիտի յատկացուի աւելի քան 4 միլիառ 786 միլիոն դրամ:

Միւս կողմէ, կը հաղորդուի, որ անկախութեան տարիներուն Հայաստանը լքած է աւելի քան 1 միլիոն քաղաքացի։ Այսպէս, վերջին երեք տասնամեակի տեւողութեան Հայաստանի բնակչութիւնը երկրէն հեռացած է ահաւոր թափով։ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան ժողովրդագրութեան բաժնի ղեկավար Արտակ Մարկոսեան վերջերս «Արմինֆօ»ին յայտնած է, որ անկախութեան տարիներուն՝ 1991-էն 2018-ը Հայաստանը լքած է շուրջ 1.1 միլիոն հոգի։

«Միայն 2008-2017 թուականներուն ընթացքին երկրէն հեռացած են 200 հազար, հիմնականին, աշխատունակ, մտածող եւ, համապատասխանաբար, ապահովուած քաղաքացիներ։ Սա կը խօսի այն մասին, թէ մարդկանց արտագաղթի մասին մտածելու դրդող խնդիրները երբ կապ չունին ընկերային բնոյթի խնդիրներու հետ։ Մարդիկ, պարզապէս, իրենց ապագան Հայաստանի հետ չեն կապեր։ Եւ այսօր, երբ իրավիճակը այս առումով սկսած է փոխուիլ, խիստ անհրաժեշտ է նման միտումները ամրապնդել, իրականացնելով բարեփոխումներ, ստեղծելով աշխատատեղիներ ու նախադրեալներ՝ աշխատավարձերու շարունակական աճի համար», ընդգծած է ան։

Մարկոսեանի գնահատմամբ՝ ժողովրդագրական խնդիրներու լուծման ուղղուած են 2020-ին նախաձեռնուած ծրագրերը, անոնք նաեւ կը նպաստեն տնտեսական աճին: Վերջինս, իր հերթին, պիտի նպաստէ յետագային երկրին մէջ ժողովրդագրական իրավիճակի բարելաւման անհրաժեշտ պայմաններու ստեղծման։

Որպէս նման շղթայի օղակներու արդիւնաւէտ գործակցութեան օրինակ Մարկոսեան նշած է երրորդ երեխայ ունենալ փափաքող ընտանիքներուն՝ յաւելեալ աջակցութիւն ցուցաբերելու պետութեան հեռանկարը:

Մարկոսեան համոզուած է, որ Հայաստանի ժողովրդագրական խնդիրները կարելի է լուծել այսպէս ծնունդներու թիւի բարձրացումով, տնտեսական աճի եւ արտագաղթի մակարդակի էական նուազումի համադրումով։ Ըստ անոր՝ այդ ուղղութեամբ արդէն իսկ մեծ ծաւալի աշխատանքներ կը կատարուին, մասնաւորապէս՝ ծնունդներու թիւի բարձրացման խնդրի լուծման առընչութեամբ։

«Օրինակ, գիւղերու մէջ աշխատող մայրերուն պետութեան աջակցութիւնը կը յանգէր առաջին երեխայի ծննդեան միանուագ 50 հազար դրամ նպաստին։ Այսօր այդ գումարը աւելցած է 6 անգամ։ Այս մէկուն գումարած՝ գիւղացիները երկու տարուայ ընթացքին մէկ երեխայի համար կը ստանան աւելի քան 900 հազար դրամ։ Ասիկա շատ լուրջ օգնութիւն է, եւ ծնելիութեան բարձրացման աջակցութեան, խթանման ուղղութեամբ նման աշխատանքներ իրականացնելը պէտք է հետեւողականօրէն խորացնել», եզրափակած է ժողովրդագրագէտը։

2019 յունուար 1-ի տուեալներով՝ Հայաստանի բնակչութեան թիւն էր 2 միլիոն 965 հազար 100 հոգի։ 2018-ին այդ թիւը 2 միլիոն 972 հազար 700 էր։ ՄԱԿ-ի կանխատեսումներուն համաձայն՝ առկայ ժողովրդագրական եւ գաղթի միտումներու պահպանման պարագային՝ Հայաստանի բնակչութեան թիւը 2100 թուականին կրնայ իջնել մինչեւ 2 միլիոնի։

Ուրբաթ, Յունուար 17, 2020