ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԿԱԶՄՈՒԻ. ՄԻԽԱՅԻԼ ՄԻՇՈՒՍԹԻՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ

Ռուսաստանի մէջ ներկայիս տեղի կ՚ունենայ կառավարութեան փոփոխութիւն։ Այժմ արդէն նախկին վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի կողմէ գլխաւորուած Նախարարաց խորհուրդը ներկայացուցած է իր հրաժարականը։ Նախագահ Վլատիմիր Փութին Տիմիթրի Մետվետեւը նշանակած է Ռուսաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի փոխ-նախագահ։

Փութինի կողմէ նոր վարչապետ նշանակուած է Միխայիլ Միշուսթին, որ արժանացած է նաեւ խորհրդարանի հաւանութեան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ շնորհաւորական մը ուղարկեց իր նորանշանակ ռուս պաշտօնակցին՝ Միխայիլ Միշուսթինին։ Փաշինեան շնորհաւորականին մէջ ընդգծեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը վճռակամօրէն տրամադրուած է աշխոյժ համագործակցութիւն ծաւալել Ռուսաստանի նոր կառավարութեան հետ՝ երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերով գործընկերութեան ապագայ ամրապնդման նպատակով։

Ուրբաթ, Յունուար 17, 2020