«ԵՐԿՈՒ ՄԵԾ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ»

Երէկ երեկոյեան, Սարըյէրի քաղաքապետութեան «Պողազիչի» մշակոյթի ու գեղարուեստի կեդրոնի երդիքին տակ, Մասլաք, տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը, որով ոգեկոչուեցան երկու մեծ բանաստեղծներ, որոնցմէ մին արտադրած է թրքերէնով, իսկ միւսը՝ յունարէնով։ «Երկու մեծ բանաստեղծ» կարգախօսով կազմակերպուած ձեռնարկին ժամանակ վերյիշուեցան Նազըմ Հիքմէթ եւ Եաննիս Ռիցոս։ Նազըմ Հիքմէթի 120-ամեակի յոբելեանի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս երեկոյթը, որ անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ եւ որու ընթացքին գործադրուեցաւ բազմակողմանի յայտագիր մը՝ երաժշտութեան ու գրականութեան միահիւսումով։

Այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր Սարըյէրի քաղաքապետութեան, Չանաքքալէի «Թրոյա» ֆիլարմոնիայի միութեան, Ենիգիւղի Փանաիա յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին եւ «Նազըմ Հիքմէթ» մշակոյթի եւ գեղարուեստի հիմնարկին կողմէ։

Երկուշաբթի, Յունուար 17, 2022