ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ԹՂԹԱԾՐԱՐՆԵՐ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու կարեւոր այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Վաղը Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած է իր հանդիպումը ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ երկար ժամանակէ ի վեր կը դիմագրաւուին դժուարութիւններ։ Ուստի, վաղուան ժամադրութիւնը առիթ մը պիտի դառնայ՝ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ կուտակուած հարցերու քննարկման տեսակէտէ։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին ուշադրութեան առարկայ պիտի դառնան շարք մը առանցքային թղթածրարներ։ Այս շրջանակին մէջ կարելի է թուարկել Սուրիայէ ներս ԱՄՆ-ի կողմէ ԵՓԿ ահաբեկչական խմբաւորման տրուած աջակցութիւնը, Անգարա-Դամասկոս յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ քայլերը, Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը եւ Թուրքիոյ կողմէ ԱՄՆ-էն «Ֆ-16» ռազմաօդանաւերու ձեռքբերման ուղղեալ վէճերը։ Թրքական կողմի համոզմամբ՝ երկկողմանի յարաբերութիւնները ատեն-ատեն ժխտական ազդեցութեան կ՚ենթարկուին բազմաթիւ գլուխներու հետեւանքով, որոնք յարիր չեն դաշնակիցներու յարաբերութեան։ Ուստի, ծանրաբեռնուած այս օրակարգի պայմաններուն ներքեւ Չավուշօղլուի եւ Պլինքընի երես-երեսի հանդիպման կը վերագրուի մեծ կարեւորութիւն։

Թուրքիա երկար ժամանակէ ի վեր անհանգստութիւն կ՚արտայայտէ՝ ԱՄՆ-ի կողմէ ԵՓԿ-ին ընծայուած աջակցութեան համար։ Արդարեւ, այդ մէկը ՓՔՔ-ի Սուրիոյ շառաւիղն է։ Բայց եւ այնպէս, ԻՇԻՊ-ի դէմ պայքարի անուանումին ներքեւ ընծայուած այդ աջակցութիւնը անփոփոխ կը մնայ՝ հակառակ Թուրքիոյ հակազդեցութեան։ Վերջին շրջանին ԱՄՆ-ի բանակը Սուրիայէ ներս ՓՔՔ-ԵՓԿ ահաբեկչական կազմակերպութեան կողմէ բռնագրաւուած Հասեքէ քաղաքի ռազմախարիսխներուն եւ զինուորական կէտերուն համար Իրաքի վրայով մեծ օժանդակութիւն մը առաքած է։ Մօտաւորապէս հարիւր ինքնաշարժներէ բաղկացեալ շարասիւնով մը այնտեղ կատարուած է զինուորական եւ լոժիսթիք բնոյթով այս կուտակումը։ Թուրքիա երկար ժամանակէ ի վեր վճռական ընթացք որդեգրած է՝ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը իր սահմաններէն վանելու ուղղութեամբ։ Անգարա երկար ժամանակէ ի վեր յստակօրէն կը բարձրաձայնէ նաեւ, որ անհրաժեշտութեան պարագային ցամաքային նոր գործողութեան մը կրնայ ձեռնարկել։ Չավուշօղլու այս պատգամը հերթական անգամ պիտի յանձնէ նաեւ Պլինքընի նկատառման։

Բանակցութիւններու ընթացքին պիտի շօշափուի նաեւ Թուրքիա-Սուրիա բնականոնացման գործընթացը։ Տասնմէկ տարուան ընդհատումէ մը վերջ Անգարայի եւ Դամասկոսի մէջ կ՚ընթանան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ շփումներ։ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարներու՝ մօտաւոր անցեալի Մոսկուայի հանդիպումէն վերջ, Չավուշօղլու կը պատրաստուի յառաջիկայ ամսուան սկիզբին նոյն ձեւաչափով մէկտեղուիլ Ռուսաստանի եւ Սուրիոյ պաշտօնակիցներուն հետ։ ԱՄՆ դէմ է Թուրքիա-Սուրիա բնականոնացման։ Ակնարկելով Չա-վուշօղլու-Պլինքըն հանդիպման՝ ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութեան բանբեր Նէտ Փրայս օրերս ըսաւ. «Հաւանաբար շուտով այս նիւթին շուրջ աւելի մանրամասնութեան վերահասու կ՚ըլլանք»։ Ըստ թրքական աղբիւրներուն, բնականոնացումը կրնայ դիւրացնել ԵՓԿ-ի տարածաշրջանէն մաքրուիլը եւ ամերիկեան կողմը կրնայ անհանգստութիւններ ունենալ այս առումով։

«Ֆ-16» կործանիչներու խըն-դիրը Չավուշօղլու-Պլինքըն հանդիպման օրակարգի միւս կարեւոր առանցքներէն մին է։ Նախագահ Ճօ Պայտընի ղեկավարութեան կշիռով՝ ԱՄՆ-ի քոնկրէսը կը պատրաստուի վաւերացնել Թուրքիոյ համար ռազմաօդանաւերու վաճառքը։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութիւնը այս գործարքին վերաբերեալ որոշումը արդէն սկզբնական քննարկման համար ուղարկած է քոնկրէսի պատկան կոմիտէներուն։ Կը հաղորդուի, որ քոնկրէսը անհանգստութիւններ ունի՝ Թուրքիոյ կողմէ Շուէտի եւ Ֆինլանտիոյ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան առջեւ ճանապարհ չհարթուելուն բերումով։ Յամենայնդէպս, եթէ նոյնիսկ քոնկրէսի հաւանութիւնը չըլլայ, նախագահ Պայտըն կրնայ որոշմնագիրով մը այդ արգելքը շրջանցել եւ վաւերացնել վաճառքը։

Ուաշինկթընի բանակցութիւններու սեղանին վրայ պիտի գտնուին նաեւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը, ԱՄՆ-ի կողմէ Յունաստանին ի նպաստ ռազմական աջակցութիւնը եւ Անգարա-Աթէնք առանցքին վրայ մագլցող լարուածութիւնը։ Վաղուան ուղեւորութեան ընդառաջ Չավուշօղլու յայտնեց, որ Ուաշինկթըն պէտք է ուշադրութեամբ վերաբերի Անգարայի եւ Աթէնքի վերաբերեալ հաւասարակշռութիւններուն նկատմամբ։ Ան յիշեցուց, որ ԱՄՆ նախաձեռնած է Թուրքիոյ համար «Ֆ-16», իսկ Յունաստանի համար «Ֆ-35» ռազմաօդանաւերու վաճառքի։ Ուստի, Չավուշօղլուի խօսքով, այսպէսով Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ հաւասարակշռութիւնները խախտուած կ՚ըլլան։

Ի լրումն այս բոլորին, թրքական կողմը ՖԵԹԷՕ ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամներուն վերաբերեալ ապացոյցներ ներկայացուցած է ամերիկեան կողմին եւ ունի անոնց արտայանձնման պահանջը։ Այս բոլորն ալ ուշադրութեան առարկայ կը դառնան նախարարներուն միջեւ։

Երեքշաբթի, Յունուար 17, 2023