ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԵՒ ԱՆԹՈՆԻՕ ԿՈՒԹԵՐԵՍ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՆ ԱՐՑԱԽԻ ԱՌԿԱՅ ՇՐՋԱՓԱԿՄԱՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։ Զրոյցի ընթացքին նախարարը եւ ընդհանուր քարտուղարը առաջնահերթօրէն քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ստեղծուած մարդասիրական տագնապին մանրամասնութիւնները՝ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքով։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արարատ Միրզոյեան մասնաւորապէս ընդգծեց միջազգային կառոյցներու՝ յատկապէս ՄԱԿ-ի հասցէական արձագանգի եւ գործնական քայլերու անհրաժեշտութիւնը։ Ան շեշտեց, որ Ատրպէյճան կոպտօրէն կը խախտէ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի եռակողմանի հրադադարի յայտարարութեան դրոյթները եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի սկզբունքները։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ հայկական կողմը կարեւորեց դէպի Լեռնային Ղարաբաղ եւ Լաչինի միջանցք փաստահաւաք առաքելութիւն մը գործուղելու, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի համապատասխան մարմիններուն համար Լեռնային Ղարաբաղ անարգել մարդասիրական հասանելիութիւն ապահովելու հարցը։

Բաց աստի, Արարատ Միրզոյեան երէկ Վիեննայի մէջ տեսակցեցաւ ՄԱԿ-ի գրասենեակի ընդհանուր քարտուղար Ղատա Ֆաթի Վալիի հետ։ Նախարարը զրուցակիցին ներկայացուց տարածաշրջանային շարք մը խնդիրներու վերաբերեալ Երեւանի դիրքորոշումը։

Միւս կողմէ, նոյնպէս Վիեննայի մէջ, Արարատ Միրզոյեան այսօր ելոյթ մը կ՚ունենայ ԵԱՀԿ-ի մշտական խորհուրդի արտահերթ ժողովին ընթացքին։

Երեքշաբթի, Յունուար 17, 2023