ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՄԵՐԳ

CRR-ի երդիքին տակ, Հարպիյէ, կիրակի երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Թրքական երաժշտութեան մէջ հայ յօրինողներ» խորագրեալ հերթական համերգը։ Երկար տարիներէ ի վեր կը կազմակերպուին նմանաբնոյթ համերգներ, որոնք միշտ ալ կ՚արժանանան հետաքրքրութեան։ Երէկուան ձեռնարկն ալ թէեւ հերթականն էր, սակայն լայն հետաքրքրութեան արժանացաւ՝ մանաւանդ, որ ձօնուած էր Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանին։

Համերգի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Հանտան Քաւասի։ Երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավարն էր՝ Սատըք Քաւաս։ Որպէս հիւր մենակատար՝ յայտագրին մասնակցութիւն բերին Միւնիփ Ութանտը, Մերվէ Ութանտը-Քալքան եւ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու։

Աշիյանի երաժշտական միութեան եւ կեդրոնին առընթեր, այս համերգը կազմակերպուած էր Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նազարէթ Էօզսահակեանի ջանքերով։ Ան ելոյթով մը ողջունեց բոլոր ներկաները եւ սրահի տրամադրման համար շնորհակալութիւն յայտնեց Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան։ Նազարէթ Էօզսահակեան ողջունեց նաեւ՝ երեկոյթին մասնակցած նախկին նախարարներէն Մեհտի Էքէրը եւ ընդգծեց անոր կողմէ փոքրամասնութեանց հաստատութիւններուն նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը։

Երկու բաժինէ բաղկացեալ յայտագրին տեւողութեան մեկնաբանուեցան՝ 22 հայ յօրինողի կողմէ ստեղծագործուած երգեր։ Այս համերգին ժամանակ յուշանուէր մըն ալ յանձնուեցաւ Պետրոս Ծատուրեանին, որ երկար տարիներէ ի վեր Աշիյանի երգչախումբին ծառայութիւն կը մատուցէ։

Երեքշաբթի, Յունուար 17, 2023