ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՊԱՔՈՒ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան այ­սօր ե­րե­կո­յեան կ՚ու­ղե­ւո­րուի դէ­պի Պա­քու, ուր կը հիւ­րըն­կա­լուի Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի կող­մէ։ Վա­ղը Պա­քուի մէջ նա­խա­տե­սուած է Թուր­քիա-Ատր­պէյ­ճան Բարձր մա­կար­դա­կի ռազ­մա­վա­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խոր­հուր­դին ժո­ղո­վը, որ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Էր­տո­ղա­նի եւ Ա­լիե­ւի գլխա­ւո­րու­թեամբ։

Միւս կողմէ, Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Եէմէնի Նախագահ Մանսուր Հատին։ Իր Պաքու այցին ընդառաջ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ յայտարարեց, թէ Անգարա կը փորձէ սեպ խրել Պաքուի եւ Մոսկուայի միջեւ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2016