ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՑ Ի ՆՊԱՍՏ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՀԱՆՔԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ

Լոս Ան­ճե­լը­սի Պոլ­սա­հայ միու­թիւ­նը ներ­կա­յիս աշ­խա­տանք կը տա­նի զօ­րակ­ցե­լու հա­մար սու­րիա­հա­յու­թեան։ Աշ­խար­հի ա­մէն կողմ հա­յու­թիւ­նը կը փոր­ձէ զօ­րակ­ցիլ Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւան­քով դժոխ­ա­յին վի­ճա­կի մը մէջ յայտ­նուած հա­յու­թեան։ Այս շար­ժու­մէն ան­մասն չեն նաեւ պոլ­սա­հա­յե­րը։ Ինչ­պէս քա­ղա­քիս մէջ աշ­խա­տանք­ներ կը տա­րուին Թուր­քիոյ մէջ ա­պաս­տան գտած գաղ­թա­կան­նե­րուն հա­մար, այն­պէս ալ աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րուն մէջ հաս­տա­տուած պոլ­սա­հա­յե­րը կը փոր­ձեն ի­րենց ա­ջակ­ցու­թեան բա­ժի­նը բե­րել սու­րիա­հա­յու­թեան հա­մար։

Լոս Ան­ճե­լը­սի «Աս­պա­րէզ» օ­րա­թեր­թի հա­ղոր­դում­նե­րով, սու­րիա­հա­յու­թեան օ­ժան­դա­կու­թեան ձեռք եր­կա­րե­լու նպա­տա­կով՝ տեղ­ւոյն Պոլ­սա­հայ միու­թիւ­նը պի­տի կազ­մա­կեր­պէ յա­տուկ դրա­մա­հա­ւաք մը եւ հան­գա­նա­կուե­լիք գու­մա­րը պի­տի յատ­կաց­նէ նոյն նպա­տա­կով նա­խա­տե­սուած դրա­մա­հա­ւաք-թե­լե­թո­նին։ Սոյն հա­ւա­քոյ­թը Լոս Ան­ճե­լը­սի Պոլ­սա­հայ միու­թեան հա­ւա­քա­տե­ղիին մէջ նա­խա­տե­սուած է վա­ղը ե­րե­կո­յեան։ Հարկ է նշել, որ վե­րո­յի­շեալ դրա­մա­հա­ւաք-թե­լե­թո­նի կազ­մա­կեր­պիչն է Լոս Ան­ճե­լը­սի շրջա­նէն ներս գոր­ծող Սու­րիա­հա­յու­թեան օ­ժան­դա­կու­թեան հիմ­նադ­րա­մը (SARF)։

Միւս կող­մէ, Ա­մե­րի­կա­հայ բժշկա­կան միու­թիւ­նը եւս ներ­կա­յիս շարժ­ման ան­ցած է օ­ժան­դա­կու­թիւն ցոյց տա­լու հա­մար սու­րիա­հա­յու­թեան։ Այս միու­թիւ­նը կը նա­խա­տե­սէ 10 հա­զար ա­մե­րի­կեան տո­լար նուի­րել SARF-ին՝ յատ­կա­պէս Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մէն տու­ժած հա­յոր­դի­նե­րու բժշկա­կան խնամ­քը ա­պա­հո­վե­լու նպա­տա­կով։ Այս գու­մարն ալ պի­տի յանձ­նուի SARF-ի կազ­մա­կեր­պած դրա­մա­հա­ւաք-թե­լե­թո­նի շրջագ­ծով, որ կազ­մա­կեր­պուած է «Կեանք մը փրկել» կար­գա­խօ­սով։

Ա­ւե­լի քան վեց հա­րիւր ան­դամ­ներ ու­նի Ա­մե­րի­կա­հայ բժշկա­կան միու­թիւ­նը, որ իր տե­սա­կին մէջ մե­ծա­գոյ­նը կը հան­դի­սա­նայ Սփիւռ­քէն ներս։ Միու­թեան ա­տե­նա­պե­տը՝ Տքթ. Րաֆ­ֆի Թաշ­ճեան յայտ­նեց, թէ Սու­րիոյ մէջ կա­ցու­թիւ­նը յոյժ մտա­հո­գիչ է եւ ի­րենք կը փա­փա­քին ի­րենց կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նե­րած չա­փով օգ­նու­թիւն փու­թաց­նել։ 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2016