ԿԻՍԱՆԴՐԻՆԵՐՈՒ ԲԱՑՈՒՄ
Երեւանի Պետական համալսարանի Հայ բանասիրութեան ֆաքիւլթէէն ներս երէկ ապրուեցաւ յատկանշական օր մը։ Այսպէս, ֆաքիւլթէի շէնքի մուտքասրահին մէջ հանդիսաւորապէս բացուեցան երեք անմոռանալի ակադեմիկոսներու՝ Հրանդ Թամրազեանի, Եդուարդ Ջրբաշեանի եւ Արսէն Տէրտէրեանի կիսանդրիները։ Հարկ է նշել, որ այս կիսանդրիներուն հեղինակը եղած է քանդակագործ Տիգրան Մուրատեան։
Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Երեւանի Պետական համալսարանի վերատեսուչ Արամ Սիմոնեան, Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեան, Հայ գրականութեան ֆաքիւլթէի տեսուչ Արծրուն Աւագեան, Գրողներու միութեան նախագահ Եդուարդ Միլիտոնեան, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ յայտնի բանասէրներ, գրականագէտներ, գրողներ եւ ուսանողներ։
Իր ելոյթին մէջ Արծրուն Աւագեան ըսաւ. «Նպատակ ունինք յաւերժացնել մեր բանասէրներուն անունը, գործը եւ այն ներդրումը, զորս անոնք ունեցած են հայոց լեզուի եւ հայ գրականութեան մէջ։ Կարեւոր է, որ հայ ուսանողը ծանօթ ըլլայ անոնց վաստակին, իմանայ, որ հայ բանասիրութեան ասպարէզէն ներս այսպէս ականաւոր մարդիկ գործած են։ Անուանի գրականագէտներու վաստակը ոչ միայն գեղարուեստական, այլեւ գիտական արժէք ունի։ Անոնք կը գրէին ընթերցուելու համար եւ արժանի են ունենալու կիսանդրիներ՝ իրենց իսկ աշխատած կրթօճախներուն մէջ»։
Իր կարգին, Արամ Սիմոնեան ըսաւ. «Այսօր իսկապէս նշանակալի օր մըն է Թամրազեան, Ջրբաշեան, Տէրտէրեան. անուններ, որոնք սերունդներ դաստիարակած են, անոնք արժանի են յիշուելու։ Այս բանասէրները հետք թողած են մեր հասարակութեան կեանքէն ներս, մեր երկրի գիտութեան ու կրթութեան ասպարէզին մէջ։ Կիսանդրիներու բացումն ալ երախտահատոյց ըլլալու քայլ մըն է անոնց չափազանց մեծ գործին համար»։
Ձեռնարկին ներկայ էր Եդուարդ Ջրբաշեանի դուստրը՝ Աշխէն Ջրբաշեան, որ իր կարգին ըսաւ. «Այսօր մենք բոլորս նուիրուած ենք կրթական գործին, բայց կրթութիւնը չի կրնար ծիլեր տալ, առանց անցեալի աւանդոյթներն ու արժէքները յիշելու։ Շատ յուզիչ է, որ կը յիշենք մեր ուսուցիչները եւ անոնց թողած ժառանգութիւնը իսկապէս ուղենիշ է մեզի համար»։
Հարկ է նշել, որ տարի մը առաջ Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս տեղադրուած էր նաեւ Գուրգէն Սեւակի կիսանդրին, իսկ յառաջիկային կը նախատեսուի Մկրտիչ Մկրեանի եւ Յովհաննէս Բարսեղեանի կիսանդրիներուն զետեղուիլը։