ՄԵՒԼԻՒՏ ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ
Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները կը պատրաստուին իրականացնել իրենց հերթական հանդիպումը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, եռակողմանի այս հերթական տեսակցութիւնը տեղի պիտի ունենայ Թիֆլիզի մէջ, այս Ուրբաթ։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Միխէիլ Ճանելիծէ եւ Ատրպէյճանի Արտաքին նախարար Էլմար Մամէտեարով Թիֆլիզի մէջ եռակողմանի բանակցութիւններ վարելու առընթեր պիտի ունենան երկկողմանի հանդիպումներ։ Քննարկումներու օրակարգին վրայ պիտի ըլլան տարածքաշրջանային հարցեր։
Սոյն եռակողմանի հանդիպման ընդառաջ, Մեւլիւտ Չավուշօղլու այսօր պաշտօնական այցելութեան կը ձեռնարկէ դէպի Թիֆլիզ, ուր կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Նախատեսուած են իր հանդիպումները Վրաստանի Նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլիի, Վարչապետ Կէորկի Քվիլիքաշվիլիի եւ խորհրդարանի նախագահ Տաւիտ Ուսուպաշվիլիի հետ։ Չավուշօղլու առանձնազրոյց մը կ՚ունենայ իր վրացի պաշտօնակցին՝ Ճանելիծէի հետ եւ աւելի վերջ երկու նախարարները կը գլխաւորեն պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։