ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Եւրոասիոյ տնտեսական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Սարգսեան, որ Հայաստանի նախկին վարչապետն էր, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ այս տեսակցութիւնը, որու ընթացքին Տիմիթրի Մետվետեւ յաջողութիւն մաղթեց Տիգրան Սարգսեանին՝ համարկման ուղղեալ լուրջ արդիւնքներու հասնելու ճանապարհին։ Ան համոզուած է, որ այդ արդիւնքները շահաւէտ պիտի ըլլան Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամ բոլոր երկիրներուն համար։
Զրոյցի տեւողութեան Մետվետեւ մատնանշեց, թէ խնդիրներ յառաջացած են Ուքրայնոյ տարածքով բեռնափոխադրումներու հարցին շուրջ։ Հետեւաբար, ան ստիպողական նկատեց պատասխան քայլերու իրականացումը։ Ըստ իրեն, այս բոլորը եւս մաս կը կազմեն այն հարցերու ծիրին, որու շուրջ պէտք է համաձայնութիւն գոյացնել ԵՏՄ-ի շրջանակներէն ներս։
Իր կարգին, Տիգրան Սարգսեանն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց Մետվետեւի ջերմ խօսքերուն եւ իրեն նկատմամբ արտայայտուած վստահութեան համար։ Ան համոզուած է, որ ԵՏՄ-ի պարագային կան լուրջ սպասումներ։ Թէ՛ անդամ երկիրներու քաղաքացիները եւ թէ գործարար աշխարհը կը փափաքին իսկական արդիւնքներ տեսնել այս համարկման շնորհիւ։ Հետեւաբար, պէտք է ապացուցանել, որ համարկումը կ՚աշխատի եւ սա լրացուցիչ խթան մը պիտի հանդիսանայ համարկման գործընթացներուն համար։