ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ ԿՈՒՏԱԿՈՒՄ

Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մը եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր կը պայ­մա­նա­ւո­րէ մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գը։ Թուր­քիոյ կող­մէ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի շար­քե­րուն դէմ կա­տա­րուած վեր­ջին ռմբա­կո­ծում­նե­րը ար­դէն ստեղ­ծած են նոր ի­րադ­րու­թիւն մը։ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ եւ Ռու­սաս­տան այս ճգնա­ժա­մին կա­պակ­ցու­թեամբ, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, գտած են ընդ­հա­նուր գե­տին մը՝ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ պայ­քա­րի հա­սա­րա­կաց յայ­տա­րա­րին վրայ։ Յա­մե­նայն­դէպս, այդ­քա­նով հան­դերձ, կա­րե­լի չ՚ըլ­լար վերջ­նա­կա­նօ­րէն յաղ­թա­հա­րել Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մը, ա­ռանց տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին գոր­ծօն­նե­րու հետ ներ­դաշ­նա­կու­թեան։ Սու­րիոյ ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը Ռու­սաս­տա­նի եւ Ի­րա­նի ա­ջակ­ցու­թեամբ կը փոր­ձէ ինք­նա­վե­րա­հաս­տա­տուիլ երկ­րէն ներս՝ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի տես­քով։ Այդ ծի­րին մէջ նե­րա­ռեալ Ա­րեւ­մուտ­քը վե­րո­յի­շեալ­նե­րը դաշ­նա­կից կը հա­մա­րեն ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի զօր­քե­րը՝ անհ­րա­ժեշտ ցա­մա­քա­յին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն հա­մար։ Բայց եւ այն­պէս, տա­րած­քաշր­ջա­նի ծայր աս­տի­ճան բարդ դրուած­քին մէջ միշտ կը յա­ռա­ջա­նան հա­կա­սու­թիւն­ներ, ո­րոնց գլխա­ւորն է Թուր­քիոյ լուրջ վե­րա­պա­հու­թիւ­նը՝ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի հան­դէպ։ Ար­դա­րեւ, Ան­գա­րա մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան մօտ ա­հա­զանգ կը հնչեց­նէ, թէ ՓԵՏ-ԵՓԿ կը հան­դի­սա­նան ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան Սու­րիոյ շա­ռա­ւի­ղը։ Վեր­ջին օ­րե­րուն ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի զի­նեալ­նե­րը Սու­րիոյ տա­րած­քէն ներս, Թուր­քիոյ սահ­մա­նա­մերձ շրջան­նե­րուն մէջ ար­ձա­նագ­րեց յա­ռաջ­խա­ղա­ցում մը, ո­րու հե­տե­ւանք­նե­րը Թուր­քիոյ տե­սան­կիւ­նէն կը հա­մա­րուին մտա­հո­գիչ, ո­րով­հե­տեւ ծնունդ կրնան տալ գաղ­թա­կա­նաց նոր ա­լի­քի մը։ Այդ մտա­հո­գու­թեան վրայ, բնա­կա­նա­բար, կու գան ա­ւել­նալ նաեւ մարդ­կայ­նօ­րէն ստեղ­ծուած հե­տե­ւանք­նե­րուն ծանր ազ­դե­ցու­թիւ­նը։ Թրքա­կան կող­մի վե­րա­բեր­մուն­քը կը պայ­մա­նա­ւո­րուի նաեւ Ռուսաս­տա­նի հետ առ­կայ լա­րուա­ծու­թեան գոր­ծօն­նե­րուն լոյ­սին տակ։ Ար­դա­րեւ, գետ­նին վրայ Ռու­սաս­տան կը հա­մա­գոր­ծակ­ցի այն ու­ժե­րուն հետ, ո­րոնք Թուր­քիոյ կող­մէ կ՚ըն­կա­լուին վե­րա­պա­հու­թեամբ եւ ա­ւե­լի՛ն՝ կը կաց­ի­նա­հա­րէ այն ու­ժե­րը, ո­րոնք հաշտ աչ­քով կը դի­տուին Թուր­քիոյ կող­մէ։

Այս պայ­ման­նե­րուն մէջ Թուր­քիա վեր­ջին օ­րե­րուն իր սահ­մա­նէն ծանր հա­րուած­ներ հաս­ցուց ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի շար­քե­րուն։ ԵՓԿ-ի տասն թի­րախ­նե­րը ոչն­չա­ցուե­ցան եւ վեր­ջին չորս օ­րե­րուն ըն­թաց­քին Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ սպան­նուե­ցաւ 150 ա­հա­բե­կիչ։ Այդ թի­րախ­նե­րուն շար­քին էր Մի­նի­ղի օ­դա­յին խա­րիս­խը։

Մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ Թուր­քիոյ կող­մէ ձեռ­նար­կուած այս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը չեն ըն­կա­լուիր միան­շա­նակ։ Միւս կող­մէ, սա­կայն, ի­րո­ղու­թիւ­նը այն է, որ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին ներգ­րա­ւուած կող­մե­րէն ո­րե­ւէ մէ­կուն գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը չ՚ըն­կա­լուիր միան­շա­նակ։ Յա­մե­նայն­դէպս, ՄԱԿ-ի Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի շրջա­նա­յին նա­խա­գահ Վե­նե­զուել­լա­յի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը՝ դես­պան Ռա­ֆա­յէլ Ռա­մի­նէզ Քար­րե­նօ ե­րէկ կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի Թուր­քիա դադ­րեց­նէ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի դէմ ռմբա­կո­ծում­նե­րը։ Ըստ ի­րեն, Թուր­քիոյ մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րը ոտնձ­գու­թիւն կը հա­մա­րուին ՄԱԿ-ի սկզբունք­նե­րուն դէմ եւ բո­լոր ան­դամ­նե­րը հա­մա­կար­ծիք են ա­նոնց կա­սեց­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Իսկ ՄԱԿ-ի մօտ Թուր­քիոյ նե­ր­­կայ­ա­ցու­ցիչ դես­պան Հա­լիթ Չե­լիք յայտ­նեց, թէ սա հաս­տա­տու­թեան մը ա­նու­նով առ­նուած ամ­բող­ջա­կան ո­րո­շում մը չէ։

Թուր­քիոյ վեր­ջին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ ա­ռիթ կը հան­դի­սա­նան հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի յա­ճա­խա­կիօ­րէն վար­կա­ծի մը ար­ծարծ­ման։ Ար­դա­րեւ, հար­ցը այն է, որ Թուր­քիա կրնա՞յ ցա­մա­քէն զօրք մտցնել Սու­րիա։ «Րէօյ­թըրզ» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով՝ Թուր­քիա Ի­ՇԻՊ-ի դէմ ստեղ­ծուած մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թեան հետ շփման մէջ է՝ ցա­մա­քա­յին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու վար­կա­ծին շուրջ։ Թուրք ի­րա­ւա­սու մը յայտ­նած է, թէ միա­կող­մա­նի գոր­ծո­ղու­թեան մը չեն ձգտիր։ Սու­րի­ոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մին ան­կա­րե­լի է վերջ տալ ա­ռանց ցա­մա­քա­յին գոր­ծո­ղու­թեան մը, հե­տե­ւա­բար ԱՄՆ եւ ա­րեւմ­տեան դաշ­նա­կից­նե­րը պէտք է մաս­նակ­ցին այդ գոր­ծո­ղու­թեան։ Մնաց, որ ար­դէն ու­րուագ­ծուած է Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ ռազ­մաօ­դա­նա­ւե­րու Ինճ­իր­լի­քի ռազ­մա­խա­րիս­խին մէջ հիւ­րըն­կալ­ման հե­ռան­կա­րը՝ այս ամ­սա­վեր­ջին իսկ։ Ե­րէկ, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ Սել­ման թա­գա­ւո­րին հետ՝ ամ­սա­վեր­ջի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն ըն­դա­ռաջ։

«Նիւ Եորք Թայմզ» հե­ղի­նա­կա­ւոր թերթն ալ մատ­նան­շեց, թէ եր­կու հզօր եր­կիր­նե­րու՝ Թուր­քիոյ եւ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ լա­րուա­ծու­թիւ­նը կ՚ա­ճի աս­տի­ճա­նա­բար։

Ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ Թուր­քիա կը շա­րու­նա­կէ զօրք ալ կու­տա­կել Սու­րիոյ սահ­մա­նին վրայ։ Ան­գա­րա­յի մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցած անվ­տան­գու­թեան հար­ցե­րու գա­գա­թա­ժո­ղո­վին զու­գա­հեռ կ՚առ­նուին զա­նա­զան քայ­լեր։ Սահ­մա­նի անվ­տան­գու­թիւ­նը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու նպա­տա­կով Թուր­քիա իւ­րա­քան­չիւր 5 քի­լօ­մեթ­րի վրայ կը նա­խա­տե­սէ հա­րիւր զի­նուոր տե­ղա­կա­յել։ Բաց աս­տի 15 հա­զար զի­նուոր պատ­րաստ կը սպա­սէ՝ Սու­րիոյ հիւ­սի­սին անվ­տանգ, մար­դա­սի­րա­կան գօ­տի մը ստեղ­ծե­լու հա­մար՝ Հա­լէ­պի հիւ­սի­սի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քէն կա­խեալ ձե­ւով։

Միւս կող­մէ, Ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Իս­մէթ Եըլ­մազ ե­րէկ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին վե­րա­բե­րեալ վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն շուրջ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի նիս­տին ըն­թաց­քին։ Նա­խա­րա­րը շեշ­տեց, թէ Սու­րիոյ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը կը վե­րա­բե­րին Թուր­քիոյ ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան։ Թուր­քիա թէեւ կողմ­նա­կից չէ պա­տե­րազ­մի, սա­կայն իր անվ­տան­գու­թիւ­նը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու հա­մար ձեռք կ՚առ­նէ ա­մէն տե­սակ նա­խազ­գու­շա­կան մի­ջոց։ 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2016