ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԵՐԵՒՈՅԹ

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեսակէտէ շաբաթավերջին աննախընթաց երեւոյթ մըն էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի բաց ասուլիսը, որ տեղի ունեցաւ Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի ծիրէն ներս։ Այսպէս, պատմութեան մէջ առաջին անգամ երկու երկիրներու ղեկավարները հրապարակային բանավէճի մը մասնակցութիւն բերին հիմնախնդրին շուրջ։ Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի ծիրին մէջ կազմակերպուած, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին ձօնուած յատուկ քննարկումը առիթ ընձեռեց, որպէսզի Երեւանի եւ Պաքուի մօտեցումները միջազգային հարթութեան վրայ մատուցուին ամենաբարձր մակարդակով։ Այս քննարկումը անմիջական հետաքրքրութեան արժանացաւ մասնագիտական, դիւանագիտական ու քաղաքական շրջանակներու տեսակէտէ։ Միւնիխի մէջ տեղի ունեցած այս բանավէճէն առաջ, Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ ունեցան նաեւ առանձնազրոյց մը, որ տեւեց աւելի քան կէս ժամ։

Հրապարակային քննարկման ժամանակ երկու ղեկավարները Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը սեղանի վրայ դրին բազում երեսակներով՝ սկսելով պատմական ծալքերէն, մինչեւ լուծման հեռանկարներն ու միջազգային հանրութենէն ակնկալութիւնները։

Ասուլիսի ընթացքին առաջին խօսքը տրուեցաւ Իլհամ Ալիեւին, որու պատմական ակնարկներուն փոխարէն Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Պէտք չէ երթալ պատմութեան գիրկը, որովհետեւ երբ հայ թագաւոր Տիգրան Մեծ կը բանակցէր Պոմպէոսի՝ հռոմէական ռազմական առաջնորդի հետ ընդհանրապէս Հարաւային Կովկասի մէջ եւ աշխարհի վրայ չկար որեւէ պետութիւն, որ կ՚անուանուէր Ատրպէյճան։ Ուստի, չեմ կարծեր, թէ ճիշդ մօտեցում է այդքան հեռու երթալ։ Ես կրնամ երթալ ա՛լ աւելի հեռու եւ սկսիլ օրինակ Ն.Ք. 400 թուականէն, բայց այդպէս չեմ վարուիր, որովհետեւ չեմ կարծեր, թէ սա ճիշդ մօտեցում է»։

Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ ընդհանրապէս հակամարտութեան անցեալը իրարմէ բաւական հեռու տեսանկիւններէ մեկնաբանեցին բնականաբար։ Հայաստանի վարչապետը, ամփոփ գիծերու մէջ յայտնեց, որ Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանին կատարուած կարգադրութիւններով Լեռնային Ղարաբաղ մաս կազմած է Ատրպէյճանին, եւ ան երբեք անկախ Ատրպէյճանի մաս չէ եղած։ Իր կարգին, Ալիեւն ալ փոխադարձեց օրինակ բերելով Արցախի մայրաքաղաքին անունը։ Ան ըսաւ, որ հայերը Արցախի մայրաքաղաքը կ՚անուանեն Ստեփանակերտ, որ համայնավար Ստեփանոս Շահումեանի անունին կ՚ակնարկէ։ Իսկ ատրպէյճաներէնով քաղաքը կը կոչուի Խանքենթի, ինչ որ կը նշանակէ խանի քաղաք։ Նման իրերամերժ մօտեցումներով երկու ղեկավարները ներկայացուցին նաեւ հիմնախնդրի էութիւնն եւ իրաւական ծալքերը։ Այս ամբողջին մաս կազմեցին նաեւ Խոճալուի դէպքերը։ Իլհամ Ալիեւի առաջնահերթութիւնը միշտ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին վրայ էր։ Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ որպէս տարածք ընկալուած խնդիրը հայոց տեսակէտէ կը նշանակէ անվտանգութիւն եւ որեւէ երկիր չի զիջիր իր անվտանգութենէն։ Յամենայնդէպս, երկու ղեկավարներն ալ հաւատարմութիւն յայտնեցին հաշտութիւն հաստատելու ուղղեալ բանակցային գործընթացին նկատմամբ։ Անոնք պատրաստակամ էին քաղաքական գործընթացը յառաջ տանելու։ Նոյնիսկ, հարցումի մը պատասխանելով՝ Իլհամ Ալիեւ նպատակայարմար չհամարեց խնդրի քննարկումները միջազգային դատարաններու ներկայացնելու վարկածը։ Ալիեւ եւ Փաշինեան ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի կողմէ ընդունուած բանաձեւերուն շուրջ ալ արտայայտեցին իրերամերժ տեսակէտներ։ Փաշինեան շեշտեց, որ երեսուն տարի տեւած հակամարտութիւնը հնարաւոր չէ լուծել մէկ կամ երկու քայլով։ Ուստի, անհրաժեշտ է «փոքր յեղափոխութիւններ» կատարել։

Միւնիխի քննարկման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան յստակօրէն շեշտեց, որ Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ պատրաստ են իրենց ներդրումը ունենալու կլոպալ անվտանգութեան եւ յարատեւ խաղաղութեան մէջ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 17, 2020