ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ԹՐԱՄՓ ՀԵՌԱՁԱՅՆԻ ՎՐԱՅ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ԻՏԼԻՊԻ ՎԻՃԱԿԸ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Երկու ղեկավարները անդրադարձան Սուրիոյ տագնապին եւ Իտլիպի կացութեան։ Անգարայի ղեկավարութիւնը ներկայիս բոլոր հարթակներու վրայ ահազանգ կը հնչեցնէ Իտլիպի պարագային ստեղծուած կացութեան շուրջ։ Ուաշինկթընն ալ ընդհանուր առմամբ կ՚աջակցի թրքական կողմին։ Այս մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ Էրտողան-Թրամփ հեռախօսազրոյցը, որու ընթացքին նախագահները անընդունելի համարեցին Սուրիոյ վարչախումբի նախայարձակ քայլերը։ Անոնք կարծիքի փոխանակումներ ունեցան՝ Իտլիպի ահազանգային կացութեան վերջ տալու շուրջ։
Էրտողան եւ Թրամփ անդրադարձան նաեւ Լիպիայի վիճակին։
Նախագահները վերահաստատեցին՝ երկու երկիրներու առեւտուրի ծաւալը 100 միլիառ տոլարի մակարդակին բարձրացնելու նպատակին ուղղութեամբ հաւատարմութիւնը։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ շաբաթավերջին Իտլիպի իրադարձութիւնները քննարկեց Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Երկու նախարարները հանդիպում մը ունեցան Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի ծիրէն ներս։ Չավուշօղլու տեղեկացուց, որ այսօր թրքական պատուիրակութիւն մը կը մեկնի Մոսկուա եւ Լաւրովի հետ համաձայնած են, որպէսզի այդ բանակցութիւններէն վերջ վերստին արժեւորեն կացութիւնը։
Իր կարգին, Սերկէյ Լաւրովն ալ նշեց, որ Թուրքիա եւ Ռուսաստան ունին շատ լաւ յարաբերութիւններ, սակայն, սա չի նշանակեր, որ անոնք ամէն նիւթի շուրջ հարիւր տոկոս համախոհ պիտի ըլլան։ Լաւրով նշեց, որ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան համար իր երկիրը աշխատանք կը տանի Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ։ Ռուս նախարարի խօսքով՝ Սուրիոյ ապագան պէտք է որոշուի այս երկրի ժողովուրդին կողմէ։
Անգարա այս շրջանին կ՚ակնկալէ, որ Մոսկուա շարժման անցընէ իր ազդեցութեան լծակները Դամասկոսի վարչախումբին վրայ՝ մարդասիրական աղէտը կասեցնելու առաջադրութեամբ։ Թրքական կողմը համոզուած է, թէ Ռուսաստան արհեստական շնչառութիւն կը կատարէ Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատի իշխանութիւնը կանգուն պահելու համար։