«ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԸՆԴԼԱՅՆՈՒԻՆ ԴԷՊԻ ԱՅՆ ՇՐՋԱՆՆԵՐԸ, ՈՒՐԿԷ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐ Կ՚ՈՒՂՂՈՒԻՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԷՄ»

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա յառաջիկային ռազմական գործողութիւնները պիտի ընդլայնէ դէպի այն շրջանները, ուրկէ ահաբեկչական սպառնալիքներ կ՚ուղղուին Թուրքիոյ դէմ։

Հիւսիսային Իրաքէ ներս, Կարայի մէջ անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան կողմէ իրականացուած վերջին սպանդը, 13 նահատակները երկրէն ներս անբացատրելի ցասում մը յառաջացուցած են։ Ինչպէս երէկ նշեց նախագահ Էրտողան՝ մէկ կողմէ երկիրը կ՚ապրի մեծ ցաւ մը, իսկ միւս կողմէ կ՚ամրապնդուի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վճռակամութեան մէջ։ Մինչ Թուրք զինեալ ուժերը Կարայի մէջ գործողութիւններ յառաջ կը տանին ՓՔՔ-ի դէմ, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ խնդիրները արդէն նոր հարթութեան մը վրայ կը համարուին Թուրքիոյ մէջ։ Նախագահ Էրտողան երէկ յայտնեց, որ Կարա կարեւոր ու դժուարին կէտ մըն էր։ Աստուծոյ կամքով այնտեղ գործը արդէն վերջացած է։ Միջոցէ մը ի վեր Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած գործողութիւններուն շնորհիւ կարեւոր ճանապարհ կտրուած է։ Ըստ Էրտողանի, Թուրքիա յառաջիկայ շրջանին գործողութիւնները պիտի ընդլայնէ դէպի այն շրջանները, ուրկէ ահաբեկչական խտացեալ սպառնալիքներ խնդրոյ առարկայ են Թուրքիոյ դէմ։ Նախագահ Էրտողան նշեց, որ Թուրքիա այլեւս պիտի չսպասէ ահաբեկիչներու յարձակման ենթարկուելու, այլ՝ պիտի երթայ եւ անոնք պիտի ոչնչացնէ իրենց թաքնուած վայրերուն մէջ։ «Երկրի սահմաններէն ներս եւ երկրի սահմաններէն դուրս ահաբեկիչները շունչ պիտի չկարողանան առնել՝ շնորհիւ մեր հերոս զինուորներուն, ոստիկան զօրքերուն, ոստիկաններուն եւ գիւղապաշտպաններուն։ Միայն այսքանով ալ պիտի չբաւարարուինք։ Անգամ մըն ալ նման յարձակումներու ենթարկուելէ խուսափելու նպատակով՝ մեր կողմէ անվտանգ վիճակի բերուած վայրերէն ներս պիտի մնանք այնքան ժամանակ, որքան որ անհրաժեշտ է», ըսաւ Էրտողան եւ իր յայտարարութիւններուն մէջ քննադատեց Թուրքիոյ ենթարկուած ահաբեկչական յարձակումներուն կապակցութեամբ Արեւմուտքի կողմէ որդեգրուած լռութիւնը։

Միւս կողմէ, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարն ու Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուն ալ երէկ մանրամասնութիւններ հրապարակեցին Կարայի գործողութիւններուն եւ վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։ Տեսանիւթերու ալ հրապարակումով երկու նախարարները լուսաբանեցին հանրային կարծիքը։ Անոնք մանրամասնութիւններէն տեղեակ պահեցին նաեւ խորհրդարանի ընդդիմադիր խմբակցութիւններու ղեկավարները՝ այս ամբողջին մէջ այցելութիւն մը տալով նաեւ գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, բանակը Քանտիլի մէջ ալ գործողութիւններ կ՚իրականացնէ ՓՔՔ-ի դէմ եւ արդէն օղակի մէջ առած է ահաբեկչական կազմակերպութեան շարք մը պարագլուխները։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2021