ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՆՈՐ ԻՐԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՆԵՐՔԵՒ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԲԱՆՈՒԿ ԵՐԹԵՒԵԿ

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ Հարաւային Կովկասի պարագային նոր հաւասարակշռութիւններ կը ձեւաւորուին։ Այս պայմաններուն ներքեւ դիւանագիտական բանուկ երթեւեկ մը ստեղծուած է տարածքաշրջանի երկիրներուն եւ շահագրգիռ կողմերուն միջեւ։

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այսօր կը մեկնի Պաքու, ուր կը հիւրընկալուի Աըրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի կողմէ։ Չավուշօղլու վերջին անգամ Պաքու այցելած էր անցեալ նոյեմբերին՝ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ գործողութիւններու օրերուն։ Այսօր ան կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ։

Պաքուի մէջ վաղն ալ նախատեսուած է Թուրքիա-Վրաստան-Ատրպէյճան եռակողմանի ձեւաչափով հանդիպում մը՝ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով։ Չավուշօղլու եւ Պայրամով այս առթիւ քննարկումներ պիտի ծաւալեն Վրաստանի փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանիի մասնակցութեամբ։

Չավուշօղլու-Պայրամով Պաքուի ժամադրութեան հետ նոյն օրը Մոսկուայի մէջ ալ տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հանդիպումը։ Այս հանդիպման ընդառաջ Երեւանի ղեկավարութիւնը արձագանգեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ վերջին օրերուն կատարուած շարք մը յայտարարութիւններուն։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեան 9-րդ կէտը որեւէ միջանցքի ստեղծման մասին դրոյթներ չի պարունակեր։ Ալիեւի համապատասխան պնդումներուն փոխարէն Աննա Նաղդալեան յայտնեց, որ Հայաստանի տարածքով անցնող իւրաքանչիւր ճանապարհ կամ հաղորդակցութեան ուղի կայ եւ պիտի ըլլայ բացառապէս երկրի ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան ներքեւ։ Հրադադարի համաձայնութեան մէջ տարածքաշրջանէ ներս բոլոր տնտեսական եւ փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման մասին նշուած է։ «Այս իսկ մօտեցումով Հայաստան հանդէս կու գայ տարածքաշրջանէ ներս կայունութիւն հաստատելու եւ համագործակցութեան հեռանկարներու հարցերուն մէջ։ Վերոյիշեալ կէտը չի պարունակեր որեւէ միջանցքի ստեղծման դրոյթներ», յայտնեց բանբերը։

Մոսկուա մեկնելէ առաջ Արա Այվազեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Անգլիոյ Արտաքին գործոց, համագործակցութեան ու զարգացման նախարարութեան Եւրոպայի հետ համագործակցութեան եւ Ամերիկայի գծով հարցերու նախարար Ուենտի Մորթընը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկումներ կատարուեցան տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերու շուրջ։ Արա Այվազեան յայտնեց, որ տարածքաշրջանի առկայ իրավիճակը հետեւանքն է Ատրպէյճանի կողմէ ուժի կիրառման։ Սա չի կրնար դիտարկուիլ որպէս հակամարտութեան հանգուցալուծում։ Միայն բանակցուած քաղաքական կարգաւորումը, որ պիտի յարգէ բոլորի իրաւունքները, ճանապարհ պիտի հարթէ պատերազմի պատճառներու եւ հետեւանքներու յաղթահարման համար։ Այսպէս է, որ կարելի պիտի ըլլայ կայունութիւն, տեւական խաղաղութիւն եւ ի վերջոյ՝ հաշտութիւն բերել Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանին։ Այվազեան մատնանշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հիմքին կը գտնուի Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը։ Ատրպէյճանի կողմէ այդ իրաւունքի ճնշման փորձը ուղեկցուած է պատերազմական յանցագործութիւններով։ Սա ո՛չ միայն մարդու իրաւանց խախտում է, այլեւ՝ լուրջ եւ շարունակական սպառնալիք մը տարածքաշրջանային անվտանգութեան համար։

Արա Այվազեան Ուենտի Մորթընի հետ զրուցելու ժամանակ կանգ առաւ նաեւ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած բռնութեան հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական հարցերու հասցէագրման վրայ։ Այս ամբողջին մէջ ան մատնանշեց, որ Ատրպէյճան պատանդառութեան քաղաքականութեան կը հետեւի հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու պարագային։

Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) երէկ տեսակապի միջոցաւ առանձին զրոյցներ ունեցան Արա Այվազեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Տեսաժողովներուն մասնակցեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ։ Միջնորդներու կողմէ այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ ամփոփ ձեւով նշուած է, որ իւրաքանչիւր նախարարի հետ համանախագահները կարծիքի երկար ու բովանդակային փոխանակումներ ունեցած են՝ տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան խթանման, միջնորդական գործընթացի եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի դերակատարութեան վերաբերեալ հարցերու շուրջ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2021