ՍՊԻՏԱԿ ՔՕՂՆ ՈՒ ՍՊԻՏԱԿ ԷՋԻ ՄԸ ՍՊԱՍՈՒՄԸ

Կլիմայի փոփոխութեան վերաբերեալ ահազանգներու եւ քորոնաժահրի համաճարակի մտահոգութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտի մը մէջ կ՚անցնի 2021-ի ձմեռը։ Մարդկութիւնը մտատանջութիւններ ունի ապագայի մասին անորոշութիւններու բերումով։ ՄԱԿ-ի աղբիւրները կը նախատեսեն սնունդի կարիքներու ապագայ դիմագրաւման ճանապարհին դժուարութիւններ։ Հիւսիսային կիսագունդի այս տարուան ձմեռը սովորականէ դուրս հոգեվիճակի մը դուռ բացած է՝ իր ծնունդ տուած հարցականներով։

Իսթանպուլի այս տարուան ձմեռն ալ արտասովոր է։ Քաղաքի կեդրոնին եւ ամբողջ շրջակայքին զգալի են խստաշունչ եղանակի պայմաններ։ Ձմեռը զուտ օրացուցային ըլլալէ կը դադրի, երբ մարդոց տեսադաշտին մէջ կը յայտնուի սպիտակ քօղը։ Առ այժմ յաչս մարդկութեան սպիտակ քօղի մը տակ են նաեւ այն լուրջ հարցադրումները, որոնք բոլորին կը սպառնան յանկարծ առօրեան գերեվարելու վտանգով։

Կլիմայի փոփոխութեան գրաւին տակ է մարդկութեան ապագան։ Երանի այդ բոլորը՝ ձիւնի սպիտակ քօղին նման հալին ու երթան։ Երանի այս տարուան ձմեռը ազդանշան մը ըլլայ՝ երկրագունդի համար բացուելիք սպիտակ էջի մը, նոր ու մաքուր էջի մը, ուր դարձեալ պիտի գրուի մարդկութեան եւ անոր ծնունդ տուած բնութեան հաշտութեան մասին։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2021