«ՄԱՏԵՆԱ»Ի ՀԱՄԱՐ ԼՈՒՐՋ ԽԹԱՆ

Յայտնի գործարար ու բարերար Վազգէն Գէորգեան խոշոր նուիրատուութիւն մը ըրած է «Մատենա» նորահաստատ միջազգային դպրոցին։ «Մատենա»ի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ սա առաջին խոշոր նուիրատուութիւնն է՝ ի նպաստ այս նորահաստատ դպրոցին։ Վազգէն Գէորգեան կարեւորած է որակեալ մասնագիտական կրթութեան եւ առաջնորդներու պատրաստութեան նշանակութիւնը Հայաստանի զարգացման տեսակէտէ։ Ուստի, այդ մղումով իր կողմէ կատարուած նուիրատուութեան շնորհիւ զգալիօրէն ընդլայնուած է «Մատենա»ի թոշակառուներու ֆոնտը՝ Հայաստանէն մասնակիցներու համար։

«Անկեղծօրէն կը հաւատամ կրթութեան զօրութեան ու կարեւորութեան բոլոր այն գործընթացներուն մէջ, որոնց կարիքը ունի երկիրը ու վստահ եմ, թէ մօտաւոր ապագային պիտի շօշափենք ձեր աշխատանքի արդիւնքները», նշած է այս առթիւ Վազգէն Գէորգեան։

«Մատենա» այս առթիւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ բարերարին ու կ՚ընդգծէ, որ այս աջակցութիւնը լոկ ելմտական մեծ օգնութիւն մը չէ նորաստեղծ դպրոցին համար, այլեւ հսկայական հոգեբանական խթան ու վստահութիւն։ Արդարեւ, «Մատենա» այս առթիւ կը զգայ, թէ առկայ կարեւոր, բայց շատ բարդ գործին մէջ իր խումբը առանձին չէ եւ կը վայելէ գաղափարակից ընկերներու անկեղծ աջակցութիւնը։

Համապատասխան հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ «Մատենա»ին կրնան աջակցիլ բոլոր անոնք, որոնք կը բաժնեն այս դպրոցի կարեւորագոյն առաքելութիւնը ու կը փափաքին նպաստել համաշխարհային մակարդակով մասնագիտական կրթութեան տարածման։ Սա շղթայական ազդեցութեամբ պիտի խթանէ ամբողջ համակարգի աստիճանական բարեփոխումը Հայաստանէ ներս։

Հինգշաբթի, Փետրուար 17, 2022