ԿԱՐԵՒՈՐ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս երէկ խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին կապակցութեամբ։ Այսպէս, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան մէկտեղուեցաւ խումբ մը գիտնականներու եւ վերլուծաբաններու հետ։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ հայկական կողմի յատուկ ներկայացուցիչն է։
Նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան տեղեկացուց, որ այս հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուած են Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ։
Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներու՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի երկրորդ հանդիպումը նախատեսուած է յառաջիկայ 24 փետրուարին, Վիեննայի մէջ։