ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. Վարդանանց տօնախմբութեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագներ, դպիրներ ու դպրուհիներ։ Ներկայ էին Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան, Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեան, Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան եւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։
Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան եկեղեցւոյ Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սիպիլ Արսէնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։
Յաւարտ Ս. Պատարագի քարոզեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը «Մահ ոչ իմացեալ՝ մահ, մահ իմացեալ՝ անմահութիւն է» բնաբանով։ Վարդանանց ճակատամարտի հերոսներու սոյն բնաբանէն մեկնելով Նորին Ամենապատուութիւնը կանգ առաւ մահուան գաղափարին վրայ, որ դարերու ընթացքին միշտ մարդու մտքին ու հետաքրքրութեան կեդրոնն է։ «Մահը առանց հաւատքի եւ առանց յոյսի կարելի չէ հասկնալ։ Եթէ առանց հաւատքի մահը հասկնալու ջանանք, արդէն անելի կը մատնուինք։ Իսկ յաւիտենական կեանք ունենալու միակ ճարն է Աստուծոյ հետ բարեկամ ըլլալ։ Այս գաղափարն է, որ մարդը կրնայ առաջնորդել Վարդանանց պատերազմը հասկնալու գործին մէջ։ Անոնք գիտէին, որ պիտի մեռնէին, սակայն իրենց համար մահը անմահութիւն էր՝ անոնք անմահութեան քալեցին եւ անմահ են արդէն։ Մեր յոյսն ու հաւատքն է, որ կը տօնենք Վարդանանց տօնին», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։
Նորին Ամենապատուութիւնը անուան տօնախմբութեան առթիւ շնորհաւորեց Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը եւ յարատեւութիւն, ծառայութեան ուժ ու կորով մաղթեց անոնց։ Քարոզէն ետք Ամեն. Ս. Պատրիարքը օծեց եկեղեցւոյ աւագ խորանին համար Յակոբ Աքչէլեանի կողմէ պատրաստուած Տէրունական սրբանկարը։
Ապա, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անուան տօնախմբութեան առթիւ կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք։
Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը թափօրով առաջնորդուեցաւ խորհրդարան։
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ յարակից «Շիրինօղլու» սրահին մէջ թաղային խորհուրդին կողմէ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։