ԽՂՃԻ ՁԱՅՆԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ

Երկրաշարժին պատճառած ցնցումը պատած է ամբողջ երկիրը։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ բոլորը կը փնտռեն ելք մը եւ այդ ելքը առաջին հերթին պայմանաւորուած է խղճի ձայնին ընդառաջ երթալով։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքն ալ ներկայիս ամբողջութեամբ կեդրոնացած է առկայ պահու հրատապ առաջնահերթութիւններուն վրայ՝ առաւելագոյն օգնութիւնը փութացնելու համար աղէտեալներուն։ Ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ Պատրիարքական Աթոռը կը ջանայ մէկ կողմէ կազմակերպել օժանդակութեան աշխատանքը, իսկ միւս կողմէ մեր համայնքի աղէտեալ ընտանիքներու անդամները առարկայ դարձնել իր ամբողջական խնամքին։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի գլխաւորութեամբ վերջին օրերուն Գումգաբուի մէջ յարատեւ աշխատանք կը տարուի այս իրավիճակով եւ ժողովներուն եւ հանդիպումներուն արձագանգներն ալ լայն տարածում կը գտնեն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախընթաց օր Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի ընդլայնուած կազմով նիստին մասնակցած էր, իսկ աւելի վերջ մէկտեղուած՝ թրքահայ համայնքի գաւառաբնակ շուրջ 100 անդամներուն հետ. համայնքի անդամներ, որոնք աղէտալի երկրաշարժին հետեւանքով մնացած էին անօթեւան եւ առաջնորդուած էին Իսթանպուլ։ Այդ ընտանիքներուն մէկ մասը ամբողջութեամբ եկած էին քաղաքս, իսկ աղէտեալներու ոմանց պարագային ընտանիքէ կարգ մը անդամներ՝ մանաւանդ տղամարդեր մնացած էին տեղւոյն վրայ, որպէսզի կարենան հսկել իրենց բնակարանները։ Աղէտեալներու հետ տեսակցութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը մանրամասն տեղեկութիւններ քաղեց անոնց մասին։ Այս պահու դրութեամբ, աշխատանք կը տարուի, որպէսզի կարելի ըլլայ ընտրանքներ ստեղծել մեր համայնքի գաւառաբնակ անդամներուն համար։ Անոնք ներկայիս դէմ յանդիման մնացած են սուր հակասութիւններու եւ անելներու, ուստի, իրենց ապագայի ճանապարհին վրայ կողմնորոշուելու համար ունին զօրակցութեան կարիք։ Երկրաշարժի ծանր հետեւանքներով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ, համայնքը կը ջանայ իր աղէտեալ անդամներուն հասնիլ եւ անոնց համար հնարաւոր այլընտրանքները ստեղծել այս շրջանին։ Մինչ այդ, Պատրիարքարանի նախընթաց օրուան հաւաքոյթին ժամանակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տեղեկացուց, որ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետն ալ կը պատրաստուի օժանդակութեան կոչ ուղղելու համայն աշխարհի հայութեան, որպէսզի բոլորը իրենց զօրակցութեան առարկայ դարձնեն Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ պատահած աղէտի հետեւանքով տուժած աղէտեալները։

Պատրիարքարանի վերջին խորհրդակցութիւններուն ժամանակ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց, որ ներկայ աղէտի ծաւալներէն կարելի է հետեւցնել, թէ օժանդակութիւնները պիտի ըլլան երկարաժամկէտ։ Այսպիսի անհրաժեշտութեան մը դէմ յանդիման կը գտնուի մեր համայնքը։ Այս պահու դրութեամբ գաւառաբնակ մեր համայնքի անդամներէն շուրջ 90 հոգի եկած է Իսթանպուլ։ Անոնց վրայ աւելցած են քոյր եկեղեցիներու անդամներ եւ այսպէսով թիւը կը մօտենայ շուրջ 110-ի։ Իսթանպուլի մէջ 7-8 ընտանիքներ պատրաստակամութիւն յայտնած են աղէտեալները հովանաւորելու ուղղութեամբ։ Ս. Խաչ դպրեվանքն ու Գալֆաեան Տունն ալ կը պատրաստուի երդիք տրամադրել աղէտեալներուն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Գումգաբուի հաւաքոյթներուն ընթացքին նշեց, որ աղէտեալներուն զաւակները կրնան մեր վարժարաններուն մէջ ուսում ստանալ՝ որպէս գիշերօթիկ, կրնան դաստիարակուիլ այստեղ եւ անոնց ընտանիքներն ալ կրնան լծուիլ աշխատանքի։ Ներկայ պայմաններով կը նախատեսուի նաեւ դրամական օժանդակութիւն ցուցաբերել նաեւ Իսթանպուլի այն հիւրընկալ ընտանիքներուն, որոնք աղէտեալներուն երդիք պիտի տրամադրեն։ «Պոլսահայութեան դռները ձեզի բաց են», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը աղէտեալներու հետ զրոյցի ընթացքին։

  

Ուրբաթ, Փետրուար 17, 2023