ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԽՕՍՈՅԹԻՆ ՆՈՐ ՈՐԱԿԸ

Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան չի բացառեր, որ Ատրպէյճանի հետ սահմանի այլ հատուածներուն մէջ կրնան կրկնուիլ՝ քանի մը օր առաջ Ներքին Հանդի մէջ պատահած դէպքերը։

Ըստ Սերժ Սարգսեանի, եթէ ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրուի, ապա սա պիտի ըլլայ կրկնաանձնտուութիւն։ «Ինչպէս կը տեսնէք, այս ընթացքին Ատրպէյճանի խօսոյթը նոր որակներ ձեռք բերած է։ Պաքու արդէն հրահանգներու եւ ցուցումներու խօսոյթով կը վարուի Երեւանի հետ։ Ներքին Հանդի դէպքերը կրնան կրկնուիլ այլ հատուածներու մէջ։ Երէկ ալ թեթեւ անոնս մը լսեցինք կառավարութեան նիստին», ըսաւ ան։

Լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Սերժ Սարգսեան աւելցուց. «Եւ այդ ճնշումներու հետեւանքով դարձեալ որոշ բաներ կը յանձնեն եւ այդպէս շարունակ՝ մինչեւ քաղաքական դաշտն ու ժողովուրդը իշխանութիւնները չուղարկեն տուն»։

Շաբաթ, Փետրուար 17, 2024