ՎԵՐԱՀՍԿՄԱՆ ՊԱՅՔԱՐ

Հարաւային Կովկասի խնդիրներու յայտնի մասնագէտ Թոմաս տը Վաալ համոզուած է, թէ Երեւան կ՚ենթադրէ, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցին մէջ Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ կայ գործարք մը, որուն ամենայն հանգստութեամբ համաձայնած է նաեւ Անգարան։ Ան «Քարնեկի» հիմնարկի կայքին վրայ հրապարակուած վերլուծութեան մէջ մատնանշած է, որ այս տարին նուրբ նշանակութիւն կ՚ունենայ Հարաւային Կովկասի տեսակէտէ։ Արդարեւ, վերստին ի յայտ կու գայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հարցը. արդեօք պատերազմի՞, թէ խաղաղութեան տարի մը պիտի ըլլայ։

Ըստ տը Վաալի, փետրուարի 13-ին, հայկական կողմէն չորս զոհ խլած Ատրպէյճանի յարձակումին լոյսին տակ պէտք է արձանագրել հետեւեալը. «Բանակցութիւնները կը շարունակուին երկկողմանի խաղաղութեան համաձայնագրին շուրջ, որ պիտի կարգաւորէ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները երեսուն տարուան հակամարտութենէն յետոյ։ Սակայն տակաւին բռնութեան սպառնալիք առկայ է Հայաստանի հարաւին՝ Սիւնիք կոչուող շրջանի պարագային, որ պատմականօրէն յայտնի է որպէս Զանգեզուր։ Սա Ատրպէյճանի մօտակայ տարածք մըն է, ուր Եւրոմիութեան սահմանային առաքելութեան EUMA-ի դիտորդներուն նախապէս մուտք գործելու թոյլտուութիւն չէին տուած ռուս սահմանապահները»։

Փորձագէտին կարծիքով՝ անցեալ սեպտեմբերին Արցախի մէջ ռազմական բռնութիւնը արագացուցած էր յարաբերութիւններու սառեցումը Ատրպէյճանի եւ Արեւմուտքի միջեւ, որ մինչեւ վերջին պահը կը փորձէր միջնորդել հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար։ Այս համայնապատկերին վրայ, ըստ տը Վաալի, Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւնները կը գտնուին տպաւորիչ անկման մը գործընթացին մէջ, իսկ Եւրոմիութիւնը կ՚աշխուժացնէ ներգրաւուածութիւնը Հայաստանի մէջ։

Փորձագէտը կը յիշեցնէ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խնդրայարոյց կը մնայ՝ 43 քիլօմեթր երկարութեամբ փակ միջանցքի մը կամ տարանցիկ երթուղիի մը վերաբացումը հայկական տարածքով, որ Ատրպէյճանի հիմնական մասը պիտի կապէ Թուրքիոյ սահմանակից Նախիջեւանին։ «Ատրպէյճան շահագրգռուած է, որ իր տարածքի երկու հատուածները վերամիաւորուին ուղիներով, որոնք հնարաւորինս նուազ կը վերահսկուին հայկական կողմէն։ Հայաստան չի փափաքիր զիջել ինքնիշխանութիւնը կամ անվտանգութիւնը իր ռազմավարական նշանակութեամբ հարաւային սահմանային գօտիին մէջ», կը նշէ տը Վաալ՝ յիշեցնելով, որ անվտանգութեան հարցին մէջ Ատրպէյճան կը պնդէ, թէ Ռուսաստանի սահմանապահները պէտք է հսկեն երկաթուղային եւ ցամաքային կապը։ Անոնք կը վկայակոչեն 2020 թուականի նոյեմբերի եռակողմանի հրադադարի մասին Ռուսաստան-Հայաստան-Ատրպէյճան յայտարարութիւնը, ուր կը նշուի այդ կէտը։

Թոմաս տը Վաալի վերլուծութեան մէջ կ՚ըսուի. «Յունուարին Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կրկին պնդեց, որ պայմանաւորուածութեան այս կէտը պէտք է կատարուի։ Իր հերթին, հայկական կողմը կ՚աշխատի ազատիլ ռուսական ազդեցութենէն՝ ներառեալ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն յետոյ տեղակայուած սահմանապահներէն։ Սա կ՚ըլլայ ռազմավարական մեծ հարուած մը, եթէ ռուսերը մնան Ատրպէյճանի թելադրանքով։ Հայաստանի մէջ ենթադրութիւնը այն է, թէ այնտեղ Պաքուի եւ Մոսկուայի միջեւ կայ գործարք մը, որուն Անգարա հանգիստ համաձայնած է։ Այս բանը հաստատող առնուազն անուղղակի ապացոյցներ կան։ Ռուսերուն համար մեծ յաջողութիւն կ՚ըլլար տարանցիկ ճանապարհի վերահսկումը»։ Թոմաս տը Վաալի համոզմամբ, տասնամեակներու ընթացքին առաջին անգամ անոնց պաշտօնապէս կը յանձնուի Ռուսաստանը եւ Իրանը կապող երկաթուղիի մէկ հատուածի վերահսկողութիւնը եւ երկաթուղիները դէպի Պարսից ծոց։ Սա Ռուսաստանի տեսակէտէ կ՚ըլլայ հիմնական հիւսիս-հարաւ երկաթուղային երթուղին՝ վերականգնելու համար իր կապերը Մերձաւոր Արեւելքի հետ։

Վերլուծաբանը մտահոգիչ բեմագրութիւն կը նկատէ, որ խաղաղութեան պայմանագիր չի ստորագրուիր այնքան ժամանակ՝ քանի դեռ Ատրպէյճան չի ստանար իր ուզածը Հարաւային Կովկասի մէջ։ Տը Վաալի կանխատեսումներով՝ այս պայմաններուն ներքեւ ներկայ տարուան տեւողութեան Հայաստան խիստ հաւանաբար զանազան մեթոտներու կիրառումով մեծ ճնշումներու տակ պիտի յայտնուի թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ Ռուսաստանի կողմէ, որպէսզի միանայ «Զանգեզուրի միջանցք»ի ծրագրին։ Ան կ՚ընդգծէ, որ այդ ծրագիրը թէ՛ Երեւանի եւ թէ արեւմտեան ուժերուն կողմէ ձեռնտու չէ։ Այդ պատճառով պէտք է ուշադրութեամբ հետեւիլ տեղական բռնութեան դէպքերուն՝ ինչպիսին էր Ներքին Հանդի մօտ պատահածը։ «Նման փոքր բախումներէն կրնան բխիլ նոր հակամարտութիւն եւ ճակատագրական հետեւանքներ ամբողջ տարածաշրջանին համար», համոզուած է փորձագէտը։

Շաբաթ, Փետրուար 17, 2024