ԿԱՐՍԻ ՄԷՋ ՀԻՄՆԱՐԿԷՔ
Հանրապետութեան Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր Կարսի մէջ կը հիւրընկալէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ու Վրաստանի նախագահ Կիորկի Մարկվելաշվիլին։ Երեք նախագահներուն մասնակցութեամբ տեղի կ՚ունենայ TANAP ծրագրի հիմնարկէքի արարողութիւնը։ Այս հանդիսաւոր հաւաքոյթը կը բնորոշէ Անդրանատոլեան խողովակաշարին կառուցման մեկնարկը։
Անդրանատոլեան բնական կազի փոխադրութեան խողովակաշարը պիտի ունենայ 1850 քիլօմեթր երկարութիւն։ Թուրքիոյ քսան քաղաքները պիտի հատէ այս խողովակաշարը, որ Ատրպէյճանը պիտի միացնէ Եւրոպային։ Մասնակից երկիրներուն միջեւ այս ծրագրին շնորհիւ առեւտուրի ծաւալը պիտի բարձրանայ տնտեսութեան բոլոր ոլորտներէն ներս։ Այսինքն, արդիւնքները սահմանափակ պիտի չըլլան ուժանիւթի բնագաւառով։ BP անգլիական ընկերութիւնը արդէն 12 առ հարիւր համեմատութեամբ շահաբաժին մը ունի TANAP-ի մէջ։
Եւրոմիութեան երկիրներու կազամատակարարման միջոցներու տեսակաւորման առումով կարեւոր նշանակութիւն ունի այս ծրագիրը։ Արդարեւ, TANAP ի սկզբանէ այլընտրանք մը պիտի ըլլայ Ռուսաստանի «Կազփրոմ» ընկերութեան համար։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան եւ Ալիեւ առանձնազրոյց մըն ալ կ՚ունենան Կարսի մէջ։
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՈՒՔՐԱՅՆԱ
Մինչ այդ, Հանրապետութեան Նախագահ Էրտողան Մարտի 20-ին պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Քիեւ։ Թուրքիա-Ուքրայնա Բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի չորրորդ ժողովին շարժառիթով տեղի պիտի ունենայ այս այցելութիւնը։ Երկու երկիրներէն պատկան նախարարներուն մասնակցութեամբ պիտի գումարուի ժողովյը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ պիտի գան երկկողմանի եւ տարածքաշրջանային բնոյթով խնդիրներուն առընթեր շարք մը արդիական հարցեր։ Անգարայի աղբիւրներու հաղորդումներով, թրքական կողմը կ՚ակնկալէ, որ այս այցելութիւնը նոր թափ մը պիտի հաղորդէ Ուքրայնոյ հետ յարաբերութիւններուն, որոնք ունին ռազմավարական չափումներ։
Պաշտօնական այցելութեան շրջագծով, Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան հանդիպումներ պիտի ունենայ Ուքրայնոյ նախագահ Փեթրօ Փրոշէնքոյի եւ վարչապետ Արսէնի Եացէնեուքի հետ։ Բաց աստի, Էրտողան պիտի մէկտեղուի Խրիմի դադարներու Քիեւի ներկայացուցիչներուն հետ։
Հանրապետութեան նախագահի ծրագրին վրայ տեղ պիտի ունենայ նաեւ թուրք եւ ուքրայնացի գործարարներուն հետ հանդիպում մը, քանի որ անոնք փոխադարձ ներդրումներով կարեւոր նպաստ մը կը բերեն երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման եւ առեւտուրի ծաւալի մեծացման։