ԱՐԱ ԿԻՒԼԷՐԻ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՅՈՒՆ
Աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի դարմանումը կը շարունակուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Երէկ, Արա Կիւլէր որոշ ժամանակ հիւանդանոցէն դուրս գալով ենթարկուեցաւ ընթացիկ տիալիզին եւ աւելի վերջ վերադարձաւ։ Ընդհանրապէս դրական հունի մը մէջ կ՚ընթանայ իր դարմանումը։ Թոքային թեթեւ բորբոքման հետեւանքներու յաղթահարման համար իրեն կը սրսկուին անթիպիոթիքներ։ Իր հիւանդութիւնը թէեւ առանձնապէս մտահոգիչ չի համարուիր, սակայն բժիշկները անոր առողջապահութեան ընթացքին կը հետեւին անմիջական ուշադրութեամբ՝ հաշուի առնելով նաեւ իր յառաջացած տարիքով պայմանաւորուած հանգամանքներն ու հաւանականութիւնները։
Բժիշկները նախատեսած էին, որ Արա Կիւլէրի դարմանումը մինչեւ շաբաթավերջ շարունակուի հիւանդանոցի մէջ։ Ընթացքին, սակայն, իր դարմանումը նախատեսուածէն աւելի արագ դրական ազդանշաններ տուած է։ Հետեւաբար, հաւանական է, որ Արա Կիւլէր հիւանդանոցէն դուրս գայ նախատեսուածէն քիչ մը աւելի կանուխ, սակայն այս մասին բժիշկները վերջնական որոշում մը պիտի տան օրուան տեւողութեան։