ԲԱՆԱՁԵՒՄԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն մէջ ներկայիս կարեւոր անկիւնադարձ մը կ՚ապրուի։ Սուրիայէն դէպի Եւրոպա գաղթականաց հոսքը վերջին շրջաններուն բոլորովին տարբեր պայմաններ ստեղծեցին Անգարա-Պրիւքսէլ առանցքին վրայ։ Զուգահեռաբար վերջին շրջաններուն կողմերու միջեւ խտացան որոնումները, որովհետեւ առանց ազդու գործակցութեան մը կարելի պիտի չըլլար յաղթահարել ծագած հարցերը։ Այդ որոնումներէն վերջ ներկայիս կողմերը յստակեցման համար ջանքեր կը գործադրեն։ Մօտաւոր անցեալին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած Եւրոմիութիւն-Թուրքիա գագաթաժողովը առիթ մըն էր բարձր մակարդակի քննարկումներու համար։ Անգարայի առաջարկներն ալ յստակ ձեւով դրուեցան Եւրոպայի սեղանին վրայ։ Այդ փուլէն վերջ վերստին թափ ստացան քննարկումները, որոնց արդիւնքի լոյսին տակ եւրոպացի ղեկավարները վերջնական որոշում մը պիտի կայացնեն։ Հիմա արդէն հասած է այդ որոշման պահը, որ բանաձեւման հանգրուան մը կը համարուի։ Եւրոմիութեան գագաթաժողովը տեղի կ՚ունենայ Պրիւքսէլի մէջ եւ այդ գագաթաժողովին զուգահեռ տեղի կ՚ունենայ Թուրքիա-ԵՄ նոր գագաթ մը։ Գաղթականաց հարցով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ կողմերը կը ձգտին նոր ուղղութիւն մը տալ իրենց յարաբերութիւններուն, մինչ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու վերստին կը մէկտեղուի եւրոպացի ղեկավարներուն հետ։
Գագաթաժողովին ընդառաջ, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսք այցելեց Թուրքիա եւ Յունական Կիպրոս։ Տավուտօղլու վերջին օրերուն իսկապէս խտացեալ աշխատանք մը տարաւ Թուսքի հետ, հակառակ Թուրքիոյ մէջ պատահած զգայացունց ահաբեկչութեան ծանր հետեւանքներուն։
Եւրոպայի մէջ ալ վերջին օրերուն եղան կարեւոր իրադարձութիւններ, որոնք ազդեցութիւն կրնան գործել այժմու ընթացքին վրայ։ Մասնաւորապէս, Գերմանիոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մասնակի ընտրութիւններու արդիւնքին Վարչապետ Անկելա Մերքէլի կուսակցութիւնը կրեց պարտութիւն եւ այս պարտութեան պատճառները կը վերագրուին անոր գաղթականաց վերաբերեալ քաղաքականութեան։ Վերջին ժամանակներուն յաճախ կը խօսուի նաեւ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար առանց վիզայի անհրաժեշտութեան Շենկէնի գօտի մտնելու հնարաւորութեան շուրջ։ Այս նիւթն ալ միանշանակ չէ ընկալուած Եւրոպայի մէջ եւ վերջին օրերուն մտահոգութիւններ կը բարձրաձայնուին մասնաւորապէս Ֆրանսայէն։ Ներկայ գագաթաժողովին ընդառաջ Անկելա Մերքէլ տեղեկացուց, թէ վճռականօրէն օրակարգի վրայ պիտի բերէ քրդական հարցը եւ մամլոյ ազատութեան վիճակը։ Իտալիոյ Վարչապետ Մաթէօ Ռենցին ալ խօսեցաւ մամլոյ ազատութեան հարցին շուրջ։
Պրիւքսէլի պատգամները փոխանցեցին թէ՛ Տանըլտ Թուսք եւ թէ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքէր։ Ըստ Թուսքի, ներկայիս իրենց նպատակն է հասնիլ Թուրքիոյ տեսակէտէ ալ ընդունելի համաձայնութեան մը, որ պիտի ծառայէ համագործակցութեան ամրապնդման նպատակին։ Ըստ Տանըլտ Թուսքի, այս գործնթացը միեւնոյն ժամանակ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ խրախուսելու համար կիպրական հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւնները։
Իր կարգին, Եունքէրն ալ յայտնեց, թէ Թուրքիա պատրաստ չէ Եւրոմիութեան անդամակցելու եւ ըստ երեւոյթին յառաջիկայ տասն տարուան ընթացքին ալ պատրաստ պիտի չըլլայ։