ՃՈՆ ՔԵՐԻ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը՝ Ճոն Քե­րի եւ Սէր­կէյ Լաւ­րով ու­նե­ցան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը, ո­րու ըն­թաց­քին քննար­կե­ցին Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մը։ Եր­կու նա­խա­րար­նե­րը անդ­րա­դար­ձան Սու­րիոյ մէջ քա­ղա­քա­կան ան­ցու­մա­յին գոր­ծըն­թա­ցին շրջագ­ծով յա­ռա­ջըն­թաց ար­ձա­նագ­րե­լու խիստ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ Ծա­նօթ է, որ Ո­ւա­շինկ­թը­նի եւ Մոս­կուա­յի մի­ջեւ վեր­ջին շրջա­նին դի­ւա­նա­գի­տա­կան հար­թու­թեան վրայ շփում­նե­րը խտա­ցած են Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին շուրջ։

Մինչ այդ, հարկ է նշել, որ Ճոն Քե­րի կը պատ­րաս­տուի այ­ցե­լել Մոս­կուա։ Հա­ւա­նա­կան է, որ ա­մե­րի­կա­ցի պե­տա­կան քար­տու­ղա­րին ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը սկսի 22 Մար­տին։

 

 

Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2016