ՄԵՍՈՒՏ ՊԱՐԶԱՆԻ ԱՆՅԱՅՏ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՔԻՒՐՏԵՐՈՒՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ
Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանի յայտարարեց, որ Սուրիոյ քիւրտերու ճակատագիրը անյայտ է եւ անոնք կ՚օգտագործուին որպէս պատերազմի գործիք մը։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, անգլիական «Sky News» հեռուստակայանի արաբերէն ծառայութեան տուած հարցազրոյցին մէջ Մեսուտ Պարզանի ըսաւ. «Չեմ գիտեր, թէ երբ պատերազմը վերջանայ ինչ պիտի գայ քիւրտերու գլխուն։ Որովհետեւ ո՛չ Սուրիոյ ղեկավարութեան եւ ոչ ալ ընդդիմադիրներուն կողմէ կը ճանչցուին քրդական իրաւունքները»։ Ըստ իրեն, Սուրիոյ քիւրտերուն միջեւ առկայ են բազում քաղաքական անհամաձայնութիւններ եւ հակամարտութիւններ։ Այս երեւոյթը պատճառ կը դառնայ, որ անոնք բաց թողուն բազմաթիւ հնարաւորութիւններ։ Պարզանիի համոզմամբ՝ սա մեծ խնդիր մըն է։ Քիւրտերը այս պատճառով կորսնցուցած են շատ բան։ «Չեմ գիտեր, որ կ՚ընթանան դէպի ո՛ւր», ըսաւ Պարզանի եւ աւելցուց, որ դէպքերու սկիզբին իր բոլոր հնարաւորութիւնները ի գործ դրած էր՝ Սուրիոյ քիւրտերուն միջեւ միասնականութեան հաստատման համար։ «Երբ նոր սկսած էին Սուրիոյ դէպքերը, որպէս իրենց եղբայրը՝ տեսակցեցայ քրդական բոլոր կողմերուն հետ։ Ես չեմ կրնար միջամուխ դառնալ անոնց գործերուն, պարզապէս անոնց համար կը ցաւիմ՝ որպէս իրենց եղբայրը։ Անոնց խորհուրդ տուած էի, որ ըլլան միասնական ու կայացնեն որոշում մը. դէ՞մ են իշխանութեան, թէ ոչ կողմնակից», մատնանշեց Մեսուտ Պարզանի։
Հարկ է նշել, որ միջազգային յառաջատար բոլոր դերակատարները ներկայիս կ՚արտայայտուին Սուրիոյ ամբողջականութեան պահպանման ուղղութեամբ ու կը յայտարարեն, թէ կողմնակից չեն այնտեղ քրդական ինքնավարութեան մը ձեւաւորման։