ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՅՈՒՆԱԿԱՆ ԿԻՊՐՈՍ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Յու­նա­կան Կիպ­րոս, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ իր պաշ­տօ­նակ­ցին՝ Նի­քոս Ա­նաս­տա­սիա­տի­սի կող­մէ։ Ան կղզիի մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը ու­նե­ցան ա­ռանձ­նազ­րոյց մը, որ­մէ վերջ գլխա­ւո­րե­ցին ընդ­լայ­նուած կազ­մով պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Հա­յաս­տա­նի եւ Յու­նա­կան Կիպ­րո­սի մի­ջեւ հան­դի­սա­ւոր մթնո­լոր­տի մը մէջ ստո­րագ­րուե­ցան երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ամ­րապնդ­ման ուղ­ղեալ փաս­տա­թուղ­թեր։ Եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը սար­քե­ցին նաեւ հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Ի պա­տիւ Սերժ Սարգ­սեա­նի՝ Նի­քոս Ա­նաս­տա­սիա­տիս սար­քեց պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րիք մը։

Նի­կո­սիոյ մէջ բա­ցուե­ցաւ եր­կու եր­կիր­նե­րու բա­րե­կա­մու­թեան խորհր­դա­նիշ խաչ­քար մը՝ միշտ նա­խա­գահ­նե­րուն ներ­կա­յու­թեամբ։ Այ­ցե­լու­թեան օ­րե­րուն Սերժ Սարգ­սեան հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ նաեւ Կիպ­րո­սի խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Եա­նա­քիս Օ­նի­րուի եւ Հա­մայն Կիպ­րո­սի Ար­քե­պիս­կո­պոս Խրիս­տոս­թո­մոս Բ.-ի հետ։ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը ե­լոյ­թով մըն ալ հան­դէս ե­կաւ Կիպ­րո­սի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ, բաց աս­տի մէկ­տե­ղուե­ցաւ կիպ­րա­հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։

Կիպ­րո­սի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ ու­նե­ցած ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան անդ­րա­դար­ձաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին։ Ան ը­սաւ, թէ այս մէ­կը Ե­րե­ւա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն հար­ցե­րէն մին է եւ ա­նոր լուծ­ման բա­նակ­ցա­յին ե­ղա­նա­կը, իր խո­րին հա­մոզ­մամբ, այ­լընտ­րանք չու­նի 21-րդ դա­րուն։ Այս հար­ցին կա­պակ­ցու­թեամբ ան բարձր գնա­հա­տեց Նի­կո­սիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հաս­տա­տա­կամ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ջան­քե­րուն։ Ըստ ի­րեն, Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­ներն ալ մշտա­պէս պի­տի ա­ջակ­ցին Նի­կո­սիոյ ղե­կա­վա­րու­թեան՝ կիպ­րա­կան հիմ­նախնդ­րին շուրջ։  

 

Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2016