ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆ
Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւի խորհրդական նշանակուած Սիրան Սուրքի երէկ կէսօրուան ժամերուն այցելեց խմբագրատունս։ Ան մեզի համար ողջունելի հիւր մըն էր՝ մանաւանդ, որ իր ստանձնած կարեւոր պաշտօնի տակաւին առաջին քայլափոխին փափաքած էր թարմացնել շփումը թերթիս հետ ու փոխանցել իր պատգամները։
Սիրան Սուրքի անծանօթ մը չէ մեր համայնքային շրջանակներուն համար։ Ան երկար տարիներէ ի վեր մասնակից է մեր հաւաքական կեանքին՝ ըլլալով նաեւ Էսաեան վարժարանի շրջանաւարտուհիներէն մին։ Խորքին մէջ, ան բարի համբաւ ձեռք բերած է՝ ըլլալով աշխոյժ աշխատակիցը մեր համայնքի մօտաւոր անցեալի յայտնի իրաւաբաններէն հանգուցեալ Տիրան Պաքարի գրասենեակին։ Հանգուցեալ Տիրան Պաքարի եւ քրոջ՝ Լուիզ Պաքարի իրաւաբանական գրասենեակը տասնամեակներ շարունակ եղած էր մեր համայնքային զանազան հաստատութիւններու ինչ-ինչ դատերուն հետամուտ լծակ մը եւ այդ գործունէութեան իր եռանդուն մասնակցութիւնը բերած էր Սիրան Սուրքի։ Բացի իր աշխոյժ աշխատանքէն, Սիրան Սուրքի մեր հաւաքական կեանքէն ներս համակրանք կը վայելէ շնորհիւ հաղորդական բնաւորութեան եւ յարաբերութիւններ մշակելու ընդունակութեան։
Մեր երէկուան ջերմ զրոյցին ընթացքին ան մեզի յայտնեց, որ իր տեսանկիւնէն հետաքրքրական փորձառութիւն մը պիտի ըլլայ քաղաքապետարանէն ներս աշխատանքը։ Թէ ինչպէ՞ս ան որոշած է ստանձնել այս պաշտօնը։ Սիրան Սուրքի բացատրեց, որ մօտաւոր անցեալին իր անունը քաղաքապետարանէն ներս շրջանառութեան մէջ մտած է՝ որպէս թեկնածու։ Զուգահեռաբար, ան առիթն ունեցած է ուղղակի հանդիպելու Հայրի Ինէօնիւի հետ։ Աստիճանաբար յայտնի դարձած է, որ սկզբունքօրէն տեսակէտները կը համընկնին եւ կարելի է այդ հիման վրայ անցնիլ գործնական աշխատանքի։ Այսպէսով արդէն սկսած է Սիրան Սուրքիի այս նոր ճանապարհորդութիւնը։
Սիրան Սուրքի, բացի Հայրի Ինէօնիւի հետ աշխատելէ, քաղաքապետի անմիջական գործակիցներու խումբին հետ ալ ծանօթացած է, որովհետեւ յառաջիկայ շրջանին այլեւս ուղղակի շփման մէջ պիտի ըլլայ անոնց հետ։ Արդարեւ, Շիշլիի շրջանէն ներս փոքրամասնական համայնքներուն անդամները ունին անանտեսելի ներկայութիւն մը, հետեւաբար քաղաքապետարանն ալ կը ձգտի անոնց ուղղեալ աշխատանքներուն թափ տալ, մանաւանդ աւելի զգալի դարձնել անոնց նկատմամբ զգայնութիւնը։ Քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ նախանձախնդրութիւն ցոյց կու տայ փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ եւ հիմա պաշտօնի կոչած է նոր խորհրդական մը՝ ի դէմս Սիրան Սուրքիի, որ իր այդ բարեացակամ տրամադրութիւնները ուղղակիօրէն պիտի փոխանցէ շրջանի փոքրամասնութիւններուն։
Սիրան Սուրքի Շիշլիի քաղաքապետութեան եւ փոքրամասնական համայնքներուն միջեւ պիտի հանդիսանայ կամուրջ մը։ Ան պատասխանատու պիտի ըլլայ ոչ միայն հայ համայնքին, այլ նաեւ միւս բոլոր փոքրամասնութիւններուն գծով, ներառեալ հրեաները, յոյները, ասորիները, եւայլն։ Ան մեզի յայտնեց, որ կը նախատեսէ երկու հիմնական առանցքի շուրջ յառաջ տանիլ իր աշխատանքը։ Անոնցմէ մին է՝ հաստատութիւններու հարթութիւնը, իսկ միւսը՝ անհատներու։ Թէեւ շատ յաճախ այս երկուքը կրնան առընչակից ըլլալ իրարու հետ, սակայն տեսականօրէն ան իր գործը ծրագրաւորել որոշած է ըստ այդմ։
Ըստ Սիրան Սուրքիի, հաստատութիւններու հարթութիւնը շատ կարեւոր է, որովհետեւ բոլոր փոքրամասնութիւնները մեծ թիւով համայնքային կառոյցներ ունին Շիշլիի շրջանէն ներս։ Պարագան նոյնն է նաեւ հայ համայնքին տեսանկիւնէն։ Այդ հաստատութիւններուն ձգողականութիւնը ուղղակիօրէն կը պայմանաւորէ փոքրամասնութիւններու համայնքային կեանքին երթը։ Հետեւաբար, այդ փոքրամասնական հաստատութիւններուն եւ քաղաքապետարանին յարաբերութիւնները կը ներկայացնեն առանձնայատուկ նշանակութիւն։ Վերջին տասնամեակներուն այս ուղղութեամբ արդէն ձեւաւորուած են ամուր նախընթացներ։ Սուրքիի խօսքերով, այժմ Հայրի Ինէօնիւ կը ձգտի խորացնել այդ աւանդութիւնը։ Քաղաքապետը ունի համապատասխան անկեղծ ձգտումը, որովհետեւ կը հաւատայ համակեցութեան ու զանազանութիւնը կը համարէ հարստութիւն։ Ան ունի այդպիսի աշխարհահայեացք մը, նաեւ Իսթանպուլի մէջ անցած մանկութեան եւ երիտասարդութեան տարիներուն ունեցած շրջանակը լուրջ գործօն մըն է այս առումով եւ անշուշտ արտասահմանի ուսումնառութեամբ ձեւաւորուած հորիզոնները միշտ հաստատած են այդ համոզումները։ Ինէօնիւ հաւասարակշռուած անձնաւորութիւն մըն է եւ կը փափաքի, որ քաղաքապետութեան ծառայութիւններէն բոլորը օգտուին անխտիր։
Սիրան Սուրքի նուազ կարեւոր չի համարեր նաեւ անհատներու հարթութիւնը։ Արդարեւ, ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքներու անդամները նկատելի տոկոս մը կը կազմեն Շիշլիի շրջանի բնակչութեան մէջ։ Այսինքն այս պարագային խօսքը կը վերաբերի ընտրազանգուածին ուղղակի հասնելու։ Այդ մարդուժը շատ կարեւոր է նաեւ այլ տեսանկիւնէ մը։ Փոքրամասնական համայնքները քաղաքիս մէջ ունին բազում հաստատութիւններ, որոնք թէեւ Շիշլիի սահմաններէն դուրս կը մնան, սակայն մեծաւ մասամբ կը կառավարուին անձերու կողմէ, որոնք կը բնակին Շիշլիի շրջանէն ներս։ Սա եւս հանգամանք մըն է, որ անուշադրութեան չի մատնուիր քաղաքապետարանին կողմէ։ Ուստի, քաղաքապետարանը կը ձգտի անհատական հարթութեան վրայ տանիլ ազդու աշխատանք։ Զօրակցութեան կարօտ կարիքաւորներէ սկսեալ, մինչեւ հիւանդներ կամ հաշմանդամներ ու տակաւին քաղաքապետարանի ծառայութիւններուն սպասողներ... Ընդարձակ դաշտ մըն է այս մէկը, ուր Սիրան Սուրքի պիտի փորձէ հանդէս գալ ուշադրութեամբ եւ բոլորին հնարաւորինս հասնելու պատրաստակամութեամբ, փութկոտութեամբ։
Սիրան Սուրքի դիտել տուաւ, որ աստիճանաբար պիտի յստականան իր գործունէութեան առաջնահերթութիւնները՝ դատելով գործնական արդիւնքներէն։ Ան ստիպողութիւն պիտի չունենայ տեւաբար քաղաքապետարանին մէջ գտնուելու։ Իր հիմնական դերը պիտի ըլլայ համակարգել համայնքներուն հետ շփումը եւ քաղաքապետարանի նկատառման յանձնել պահանջները։
Սիրան Սուրքի կը պատրաստուի յառաջիկայ օրերուն քաղաքավարական այցելութիւններ տալ փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր կեդրոնները թէ՛ ներկայանալու եւ թէ օրհնութիւն ստանալու համար։
Յաջողութիւն եւ կարողութիւն կը մաղթենք Սիրան Սուրքիին՝ խորհրդականի պաշտօնին մէջ։