ԵՐԵՒԱՆԻ ՏԻԿՆԻԿԱՅԻՆ ԹԱՏՐՈՆԸ ՀԱՆԴԷՍ ԿՈՒ ԳԱՅ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԵՐՈՒՆ

Ե­րե­ւա­նի Տիկ­նի­կա­յին թատ­րո­նը 2017 թուա­կա­նին ներ­կա­յա­ցում­նե­րով հան­դէս կու գայ Հա­յաս­տա­նի մար­զե­րուն մէջ եւ կը մաս­նակ­ցի մի­ջազ­գա­յին շարք մը թա­տե­րա­կան փա­ռա­տօ­նե­րու: Այս մա­սին ե­րէկ լրագ­րող­նե­րու հետ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նի ա­նուան Պե­տա­կան տիկ­նի­կա­յին թատ­րո­նի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար Ռու­բէն Բա­բաեան։

Թատ­րո­նը «Մշա­կու­թա­յին կան­գառ» նա­խագ­ծի շրջա­նակ­նե­րէն ներս ե­ղած է Հա­յաս­տա­նի տար­բեր մար­զե­րուն մէջ: Ան վեր­ջերս վե­րա­դար­ձած է Նո­յեմ­բե­րեա­նէն ու Բեր­դա­ւա­նէն: Ներ­կա­յա­ցում­նե­րուն ներ­կայ ե­ղած է հան­դի­սա­տես­նե­րու բազ­մու­թիւն մը ու լե­ցու­ցած՝ դահ­լիճ­նե­րը։

«Հա­յաս­տա­նի բո­լոր բնա­կիչ­նե­րը, ան­կախ ի­րենց բնա­կու­թեան վայ­րէն, պէտք է մաս­նա­կից ըլ­լան մշա­կու­թա­յին կեան­քին: Շու­տով հիւ­րա­խա­ղե­րով հան­դէս կու գանք Լճա­շէն գիւ­ղի, Կա­պա­նի, Վա­յոց ձո­րի մար­զը եւ Ար­ցա­խի մէջ։ Բե­մադ­րու­թիւն­ներ կը ներ­կա­յաց­նենք նաեւ Ար­ցա­խի զօ­րա­մա­սե­րուն մէջ», նշեց Ռու­բէն Բա­բաեան։

Ըստ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան, Ապ­րի­լի 12-ին Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ կա­յա­նա­լիք «Պալ­թեան տուն» մի­ջազ­գա­յին թա­տե­րա­կան փա­ռա­տօ­նին կը ներ­կա­յա­նան տա­ղան­դա­շատ բե­մադ­րիչ Նա­րի­նէ Գրի­գո­րեա­նի «Յով­նան» բե­մադ­րու­թեամբ:

«Ապ­րի­լի 30-ին Մոս­կուա­յի մէջ կա­յա­նա­լիք «Քո հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը» ե­րի­տա­սարդ ստեղ­ծա­գոր­ծող­նե­րու թա­տե­րա­կան փա­ռա­տօ­նի ծի­րէն ներս կը խա­ղանք «The best of Shakespeare» գոր­ծը: Այ­նու­հե­տեւ Փրա­կի մէջ փոք­րիկ­նե­րու հա­մար հան­դէս կու գանք «Մատ­նա­չա­փի­կը» բե­մադ­րու­թեամբ: Ներ­կա­յա­ցում­ներ պի­տի ու­նե­նանք նաեւ Սպա­նիոյ, Կիպ­րո­սի եւ Գա­նա­տա­յի մէջ» ը­սաւ ան:

Անդ­րա­դառ­նա­լով Տիկ­նի­կա­յին թատ­րո­նի խա­ղա­ցան­կին՝ Բա­բաեան ընդգծեց, որ ներ­կա­յա­ցում­նե­րու ա­ռաջ­նա­խա­ղե­րուն կը սպա­սեն: «Մար­տի 23-ին տե­ղի կու­նե­նայ Ն. Կո­կո­լի «Քի­թը» ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան հի­ման վրայ պատ­րաս­տուած ներ­կա­յա­ցու­մը: Մեր հեռան­կար­նե­րուն մէջ է նաեւ Ղ. Ա­ղա­յեա­նի «Ա­նա­հիտ»ի բե­մադ­րու­թիւ­նը եւ այլ բե­մադ­րու­թիւն­ներ», նշեց թատ­րո­նի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վա­րը:

Ռու­բէն Բա­բաեան թա­տե­րա­կան ա­րուես­տի մէջ կը կա­րե­ւո­րէ ան­սահ­ման ե­րե­ւա­կա­յու­թիւնն ու տա­ղան­դը՝ շեշ­տե­լով, որ պար­տա­դիր է նաեւ մաս­նա­գի­տա­կան կրթու­թիւ­նը:

«Թատ­րո­նին մէջ կը ներգ­րա­ւենք այն ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, ո­րոնք կը զգան այ­սօ­րուան ժա­մա­նա­կը  չեն կե­նար տեղ­ւոյն վրայ: Նշեմ, որ իմ ու­սա­նող­նե­րու վկա­յա­կա­նա­յին ո­րոշ աշ­խա­տանք­ներ ընդգր­կուած են նաեւ մեր խա­ղա­ցան­կին մէջ», ը­սաւ ան:

Ե­րե­ւա­նի Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նի ա­նուան Պե­տա­կան տիկ­նի­կա­յին թատ­րո­նը հիմ­նադ­րուած է 1935 թուա­կա­նի Յու­նի­սի 1-ին եւ աշ­խա­տան­քի սկսած է Պա­տա­նի հան­դի­սա­տե­սի թատ­րո­նին  կից։ 1938 թուա­կա­նին թատ­րո­նը կրած է Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նի ա­նու­նը։ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան տիկ­նի­կա­յին թատ­րո­նի ա­ռա­ջին տնօ­րէ­նը ե­ղած է Վա­րիա Ստե­փա­նեան:  1998 թուա­կա­նէն ի վեր թատ­րո­նի տնօ­րէնն ու գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վարն է Ռու­բէն Բա­բաեան, մինչ այդ ան թատ­րո­նին մէջ աշ­խա­տած է որ­պէս գրա­կան բաժ­նի վա­րիչ, ա­պա բե­մադ­րո­ղ։

Ուրբաթ, Մարտ 17, 2017