Հինգշաբթի 15, Մայիս 2025
ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԿԸ ՆՇՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱԿ-Ի ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԸ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Նիւ Եորք։ Ան ներկայ կը գտնուի Հայաստանի ՄԱԿ-ի անդամակցութեան 25-ամեակին առթիւ կազմակերպուած յոբելենական ձեռնարկներուն։ Ըստ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներուն, այցելութեան շարժառիթով նախատեսուած է նաեւ Եդուարդ Նալպանտեանի հանդիպումը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէսի հետ։
Ուրբաթ, Մարտ 17, 2017