«ԿԼՈՊԱԼ ՖԵՍՏ ԵՐԵՒԱՆ» ՄՐՑՈՅԹ-ՓԱՌԱՏՕՆԸ

«Կլոպալ ֆեստ Երեւան» արուեստի երկրորդ միջազգային մրցոյթ-փառատօնը կը միաւորէ երգարուեստի եւ պարարուեստի տաղանդաւոր ներկայացուցիչները։ Անոնց կը տրուին հնարաւորութիւն ցուցադրելու համար իրենց կարողութիւնները եւ յաջողութեան հասնիլ արուեստի ոլորտներէն ներս։ Մրցոյթ-փառատօնը տեղի կ՚ունենայ Մարտի 24-27 թուականներուն, Երեւանի Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական զաւեշտի պետական թատրոնին մէջ։

«Արմէնփրէս»ի թղթակցին հետ զրուցելու ընթացքին «Կլոպալ ֆեստ» միջազգային մրցոյթ-փառատօնի հայաստանեան ներկայացուցիչ Աննա Պօղոսեան ըսաւ, որ «Կլոպալ ֆեստ Երեւան»ը «Կլոպալ ֆեստ»ի տեղի ունենալիք տարուան վերջին առաջնակարգ եզրափակիչին մասնակցելու հերթական ընտրական փուլն է։

Փառատօնը նաեւ ուղղուած է զանազան երկիրներու միջեւ մշակութային կապերու բարելաւման եւ բազմակողմանի համագործակցութեան։ Ան Հայաստան կը բերէ բազմաթիւ ստեղծագործող անձերը աշխարհի չորս ծագերէն՝ խթանելով նաեւ երկրին մէջ զբօսաշրջութեան զարգացումը։

Պօղոսեանի խօսքով, ի տարբերութիւն նախորդ տարուան, այս անգամ յայտերու թիւը աւելցած է։

«Կլոպալ ֆեստ Երեւան» մրցոյթ-փառատօնի «Վոքալ» ուղղութեան անուանակարգերն են՝ էսթրատային, ճազային, ժողովրդական վոքալ, ժողովրդական վոքալ եւ ոճաւորում, իսկ «Պարարուեստ» ուղղութեան անուանակարգերն են՝ դասական, ժողովրդական պարեր, ժողովրդական պար եւ ոճաւորում, էսթրատային, մանկական, մարզական, ժամանակակից պարեր, պարի թատրոն, հիփ-հոփ։

Մրցոյթ-փառատօնի շրջանակներէն ներս Մարտի 24-ին այլ վայրերէ Երեւան ժամանած արուեստագէտները կը ծանօթանան քաղաքի տեսարժան վայրերուն։ Մարտի 25-ին տեղի կ՚ունենան «Պարարուեստ» ուղղութեան մրցութային դիտումները, կը յայտարարուի փառատօնի բացումը, յաջորդ օրը՝ Մարտի 26-ին, տեղի կ՚ունենան «Վոքալ» ուղղութեան մրցութային լսումները։ Նոյն օրը տեղի կ՚ունենան նաեւ կալա-համերգը, պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւնը եւ միջոցառման փակումը։

Մրցոյթ-փառատօնը կ՚իրականացուի Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան, Պորիս Էյֆմանի պարի ակադեմիոյ, Իկոր Մոիսէեւի անուան դպրոց-աշխատանոցի, Մանկական առաջին էսթրատային կեդրոնի, Երեւանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու աջակցութեամբ։

«Կլոպալ ֆեստ» միջազգային մրցոյթ-փառատօնը, որ տեղի ունեցած է Սեն Փեթերսպուրկի, Թալլինի եւ այլ քաղաքներու մէջ, յաջող տարածքաշրջանային նախագիծ մըն է, որու նպատակը մշակոյթի զանազան բնագաւառներէ ներս ստեղծագործող տաղանդաւոր երեխաները բացայայտելն է։ Տարուան ընթացքին մրցոյթ-փառատօնի շրջանակներէն ներս իրականացուած են ընտրական փուլեր՝ վերոնշեալ եւ այլ քաղաքներու մէջ։

Բոլոր մրցոյթներու համար պատուոյ գրերէ, գաւաթներէ եւ նուէրներէ բացի, խրախուսման կարգով նախատեսուած է նաեւ մրցանակային դրամական պարգեւներ։ Դրամական Կրան-փրի մրցանակը 50 հազար ռուսական րուբլի է։ 2017 թուականին Հայաստանի մէջ մրցոյթը տեղի ունեցած է Յուլիսին, Կ. Ստանիսլաւսքիի անուան ռուսական տրամաթիքական թատրոնին մէջ։ Մասնակցած են շուրջ 150 խումբեր եւ անհատ կատարողներ։

Շաբաթ, Մարտ 17, 2018