ՏԱՐԱՆՑՄԱՆ ՆԱԽԱԳԻԾ

Հայաստանի Փոխադրութեան, կապի ու տեղեկատուական փորձագիտութիւններու նախարար Վահան Մարտիրոսեան յայտարարեց, որ Երեւան կը կարեւորէ տարածքաշրջանէ ներս ճանապարհային անվտանգութեան երաշխաւորուիլը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստան ներկայիս ստանձնած է «Եւրոպա-Կովկաս-Ասիա» միջազգային փոխադրութեան միջանցքի (ԹՐԱՍԷՔԱ) միջկառավարական յանձնաժողովին նախագահութիւնը։ Այս ծիրէն ներս Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ յանձնաժողովի 13-րդ նիստը։ Նախարար Մարտիրոսեանի խօսքով՝ Հայաստան կը շահի, որովհետեւ միջազգային կազմակերպութեան անդամ է ու կը նախագահէ կառոյցի մը, որ տնտեսական աջակցութիւն եւ ներդրումային ծրագրեր կ՚իրականացնէ փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու ոլորտին մէջ։ «Հայաստանի մէջ արդէն իսկ ենթակառուցուածքային ծրագրեր իրականացուած են ԹՐԱՍԷՔԱ-ի շրջանակներէն ներս», ըսաւ նախարարը եւ աւելցուց, որ կան շարունակական ծրագրեր՝ կախուած կառոյցի հաստատուած նախագծերէն։

Երեւանի մէջ կազմակերպուած միջկառավարական յանձնաժողովի նիստի բացման Վահան Մարտիրոսեան շեշտեց, որ Հայաստան չափազանց կը կարեւորէ տարածքաշրջանէ ներս ճանապարհային փոխկապուածութիւնը։ «Վերջին տարիներուն մեր երկրի վարած տնտեսական քաղաքականութենէն եւս յայտնի կը դառնայ, որ ճանապարհաշինական ու ենթակառուցուածքներու զարգացման ծրագրերը մեր քաղաքականութեան լոքոմոթիֆներէն են։ Անոնք տարուէ տարի կը շատանան եւ կ՚ընդլայ-նըւին։ Փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու շարունակաբար բարելաւման ծրագրերուն խոշորագոյնը «Հիւսիս-հարաւ միջանցքի» շինարարութիւնն է։ Այդ մէկը ներկայիս բարեյաջող կը շարունակուի մեր գործընկերներու աջակցութեամբ։ Փոխադրութեան հաղորդակցութեան տեսանկիւնէն կը կարեւորենք նաեւ Վանաձոր-Ալավերտի-Վրաստանի սահմանի ճանապարհի արդէն սկսած հիմնանորոգման եւ կենսական նշանակութեամբ բարելաւման միւս ծրագրերը։ Տարածքաշրջանային կարեւորութեան տեսանկիւնէն յետագայ առաջնահերթութիւններէն է ճանապարհային անվտանգութեան ապահովուիլը, ճանապարհներու եւ ծառայութիւններու թուայնացումը, ինչպէս նաեւ անցակէտերու արդիականացումն ու համապատասխանեցումը ժամանակակից չափանիշներու», ըսաւ ժողովի ընթացքին Վահան Մարտիրոսեան։

Բաց աստի, նախարարը տեղեկացուց, որ կան մասնաւոր ընկերութիւններ, որոնք հետաքըր-քըրւած են «Հիւսիս-հարաւ միջանցքի» հարաւային հատուածի ճանապարհի շինարարութեան գանձատրմամբ։ Մօտաւոր ապագային այս մասին հրապարակումներ պիտի ըլլան։ Ըստ նախարարին, «Հիւսիս-հարաւ միջանցքի» կառուցումը կը շարունակուի արագ թափով։ 2019-ի վերջաւորութեան կը նախատեսուի ունենալ մինչեւ Կիւմրի հատուածը։ Ներկայիս նախագծման աշխատանքները կը շարունակուին Կիւմրի-Պաւրա եւ դէպի հարաւային հատուած ճանապարհի շարունակութեան ուղղութեամբ։ Նախարարութիւնը բանակցութիւններ կը վարէ զանազան ներդրողներու հետ հարաւային հատուածէ ներս ելմտական ներդրումներու ակնկալութեամբ։

Նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Սամուէլ Ամիրխանեանն ալ տեղեկացուց, որ Հայաստան Պարսից ծոց-Սեւ ծով փոխադրութեան տարանցիկ միջանցքի ստեղծման շուրջ կը բանակցի չորս պետութեան հետ։ Այս վերջիններն են՝ Վրաստան, Պուլկարիա, Յունաստան եւ Իրան։ Ամիրխանեանի խօսքերով՝ տարածքաշրջանէ ներս առեւտուրի եւ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումն ու ամրապնդումը այս ծրագրի անկիւնաքարերէն մին է։ Այս ծրագիրը միտուած է բեռներու միջազգային փոխադրման եւ տարանցման դիւրացման, անոնց կառավարման ընթացակարգերու պարզեցման, փոխադրութեան ծախսերու նուազեցման, ճանապարհային անվտանգութեան պայմաններու բարելաւման, այլ երկիրներէ բեռներու տարանցման ներգրաւման եւ կառավարման չափանիշներու նոյնականացման։ «Ծրագիրը պիտի նպաստէ, որպէսզի Հայաստանի փոխադրողները պարզեցուած ընթացակարգով մը մուտք գործեն միջազգային շուկաներ՝ ցամաքային եւ ծովային փոխադրումները օգտագործելու միջոցաւ։ Ծրագիրը հնարաւորութիւն կու տայ նաեւ արագացնել եւ դիւրացնել արագ փճացող բեռներու տարանցումը համապատասխան համաձայնագրի պայմանաւորող կողմ հանդիսացող պետութիւններու սահմանները հատելու ժամանակ», ըսաւ Ամիրխանեան։

Երեւանի ժողովին մասնակից Իրանի ներկայացուցիչն ալ տեղեկացուց, որ իր երկիրը պատրաստակամ է մասնակցելու Պարսից ծոց-Սեւ ծով տարանցիկ միջանցքի ծրագրին։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Իրան-Հայաստան երկաթուղիի ծրագրին։ Ըստ իրեն, այդ ծրագիրը կեանքի կոչելու ուղղութեամբ գոյութիւն ունի երկկողմանի կամք։ Ներկայիս Հայաստան պէտք է հնարաւորութիւններ գտնէ այդ ծրագիրը իրականացնելու համար։ Իրանի երկաթուղին կը հասնի մինչեւ Հայաստանի սահմանը եւ Թեհրանի ղեկավարութիւնը որեւէ խնդիր չունի այդ մէկը երկարացնելու համար։

Հարկ է նշել, որ Հայաստան 1993 թուականէն ի վեր կ՚անդամակցի ԹՐԱՍԷՔԱ ծրագրին։ Վերջին անգամ Երեւանի մէջ 2003 թուականին ժողով մը տեղի ունեցած էր այս ծիրէն ներս։

Շաբաթ, Մարտ 17, 2018