ԵՐԵՒԱՆԷՆ ՆՈՅՆ ՆՇՈՒՄԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան յայտարարեց, որ Արցախի աւերման, հայ բնակչութեան ոչնչացման վրայ կառուցուած խաղաղութիւնը չի կրնար ըլլալ հաստատուն ու տեւական։

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Շուէտի Արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէն, որ տարածքաշրջանային ուղեւորութիւն մը իրականացուց։ Բացի Արա Այվազեանէն, բարձրաստիճան հիւրը ընդունուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Անն Լինտէ Երեւանի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեանի հետ։ Լինտէի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Արա Այվազեան նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարէն չորս ամիս անց Ատրպէյճան կը շարունակէ տառապանքներ պատճառել հարիւրաւոր մարդոց։ «Մենք կարիքն ունինք ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ուժեղ համանախագահութեան», յայտարարեց Արա Այվազեան ասուլիսի ընթացքին։ Ան այս համոզումը արտայայտեց՝ տարածքաշրջանային վերջին զարգացումներու լոյսին տակ։

Ըստ Այվազեանի, հայկական կողմը պատերազմին վերջ տուած եռակողմանի յայտարարութիւնը կը դիտարկէ՝ որպէս հրադադարի վերականգնման եւ անվտանգութեան վերահաստատման ուղղեալ փաստաթուղթ մը։ «Թէեւ ան կը պարունակէ խաղաղ կարգաւորման առընչուած որոշ դրոյթներ, սակայն չի հասցէագրեր անոր առանցքային տարրերը, որոնցմէ առաջնայինն է Արցախի կարգավիճակի հարցը՝ հիմնուած արցախահայութեան իրաւունքի իրացման վրայ։ Հակամարտութեան քաղաքական վերջնական լուծումը հնարաւոր է բացառապէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակին մէջ», ըսաւ Արա Այվազեան։

Իր կարգին, Անն Լինտէ դիտել տուաւ, որ այս փուլին կարեւոր է յարգանք դրսեւորել միջազգային մարդասիրական իրաւունքին նկատմամբ։ Ան ընդգծեց, որ ԵԱՀԿ կարեւոր դեր ունի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման գործընթացէն ներս՝ խաղաղութեան հաստատման եւ յառաջ երթալու տեսակէտէ։ «Տարածքաշրջանային իրավիճակը մեր ուշադրութեան կեդրոնին է։ Աներկբայ է, որ 10 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի համաձայնագրէն յետոյ տարածքաշրջանային իրավիճակը փոխուած է։ Ես կ՚ողջունեմ հրադադարը», ըսաւ Լինտէ եւ աւելցուց, որ հրադադարի համաձայնագրի լրիւ իրականացումը հիմք կը ստեղծէ յառաջ երթալու հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացէն ներս։ Շուէտացի նախարարը աւելցուց նաեւ, որ կ՚ողջունէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու աշխատանքը՝ երկարաժամկէտ կայուն լուծում մը գտնելու ուղղութեամբ։

Հարկ է յիշեցնել, որ Անն Լինտէ Երեւանէն առաջ Պաքուի մէջ ալ յայտարարութիւններ ըրած էր՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան երկարաժամկէտ կարգաւորման անհրաժեշտութեան մասին։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Լինտէի հետ զրուցելու ընթացքին Արմէն Սարգսեան օրակարգի վրայ բերաւ գերիներու վերադարձի հարցը։ Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեանն ալ ընդգծեց նոյն խնդիրը։ Բաց աստի, Փաշինեան կանգ առաւ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի իրացման վրայ։ Զրուցակիցները քննարկեցին տարածքաշրջանային իրավիճակը։

ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Միւս կողմէ, Անն Լինտէի այցելութեան ընթացքին Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները պատճառ դարձան Երեւանի հակազդեցութեան։ Այսպէս, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի այս պնդումներուն կապակցութեամբ երէկ անմիջապէս յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ։ Ըստ իրեն, այդ խօսքերը Պաքուի կողմէ հերթական կեղծիքը կը համարուին մարդասիրական հրատապ բնոյթով այս հարցին վերաբերեալ։  Պայրամովի յայտարարութիւնը կը հակադրուի Ատրպէյճանի այլ պետական մարմիններու հրապարակումներուն, որոնցմով հաստատուած են տասնեակ հայ ռազմագերիներու գոյութեան փաստը՝ գերեվարուած թէ՛ ռազմական գործողութիւններու ժամանակ եւ թէ հրադադարէն յետոյ։

«Հայ գերիները պատանդի կարգավիճակով շարունակաբար պահելը կը խաթարէ հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեան մէջ արձանագրուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացումը», յայտնեց բանբերը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 17, 2021