ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ

Երէկ, «Restart» նախաձեռնութեան կազմակերպութեամբ, «Բերա փալաս» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Հարաւային Կովկասի ներկայ իրավիճակին վերաբերեալ քննարկում մը, որու ատենախօսներու շարքին էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն միջազգայնագէտ ու քաղաքագէտ Արման Գրիգորեան, որ Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին մասնակցելէ վերջ եկած էր քաղաքս։ Հաւաքոյթը վարեց «Restart» նախաձեռնութեան ղեկավար Ժանին Միթչըլ, միւս ատենախօսն էր Ատրպէյճանէն լրագրող Էմին Միլլի, որ երկար ժամանակէ ի վեր Պերլինի մէջ կը բնակի եւ մաս կը կազմէ յիշեալ նախաձեռնութեան ղեկավարութեան։

Նեղ մասնագիտական շրջանակի համար նախատեսուած հանդիպում մըն էր այս մէկը, որուն հետեւեցան խումբ մը վերլուծաբաններ եւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներ։ Շուրջ երկու ժամ Արման Գրիգորեան եւ Էմին Միլլի բաժնեցին իրենց դիտարկումները Հարաւային Կովկասի ընդհանուր իրադրութեան շուրջ՝ խորհրդածութիւններ ընելով նաեւ Ուքրայնայի պատերազմի հաւանական ազդեցութիւններուն մասին։ Ատենախօսները անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ Ռուսաստանի դերակատարութեան, Թուրքիա-Հայաստան եւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու հեռանկարներուն՝ խաղաղութեան հաստատման վերաբերեալ անոնց ընկալումներով ու մօտեցումներով հանդերձ։ Վերլուծաբանները մասնաւորապէս կանգ առին Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման նախկին փորձերուն վրայ ու մեկնաբանեցին միջազգային դերակատարներու ազդեցութիւնները այս անգամուան գործընթացի պարագային։ Այդ բոլոր խորհրդածութիւնները կատարուեցան՝ հաշուի առնելով Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերջին լարուածութիւնները։ Մասնաւորապէս Հայաստանի պարագային անուշադրութեան չմատնուեցաւ ներքին քաղաքական վիճակը։

Վերլուծաբանները լսարանին հետ բաժնեցին իրենց ենթադրութիւնները Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի աւարտին տարածաշրջանի պարզելիք հաւանական համայնապատկերին շուրջ, որու լոյսին տակ խօսեցան նաեւ, թէ Հարաւային Կովկասի երկիրները ինչ կրնան ընել մինչեւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի աւարտը, որպէսզի կարողանան ոտքի կանգնիլ եւ տուժեն նուազագոյն համեմատութեամբ։ 

Հարկ է նշել, որ Արման Գրիգորեան այսօր արդէն հրաժեշտ առաւ քաղաքէս՝ վերադառնալով ԱՄՆ, ուր կը դասախօսէ Լիհայի համալսարանէն ներս։ Արման Գրիգորեան մասնագիտութեամբ թրքագէտ է։ Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս թրքագիտութիւն ուսանելէ վերջ, 1990-ականներու սկիզբին հաստատուած է ԱՄՆ, ուր Շիքակոյի համալսարանէն ներս միջազգային յարաբերութիւններու վրայ մագիստրոսութեան աստիճան ստացած է, իսկ աւելի վերջ Քոլոմպիայի համալսարանէն ներս տոքթորականի թեզ մը պաշտպանած է քաղաքագիտութեան վրայ։

Արման Գրիգորեանի մասնակցած երէկուան հաւաքոյթի հետեւողներու շարքին էր ԺԱՄԱՆԱԿ-էն Պիանքա Սարըասլան։

Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2022