ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԿԵՍԱՐԻՈՅ ԳԼԽԱՒՈՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ

Մեծ պահոց Միջինքի յաջորդ օրը կազմակերպուած՝ դէպի Անատոլուի հայկական երեք եկեղեցիները կատարուած աւանդական ուխտագնացութիւնը գլխաւորեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ երէկ Իսթանպուլէն օդային ճամբով մեկնեցաւ Կեսարիա՝ ընկերակցութեամբ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։ Նոյն թռիչքով մեկնեցան նաեւ Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան եւ Ղազար Կիսասարկաւագ  Սապունճեան։ Նորին Ամենապատուութեան առընթերակայ էր գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Յաջորդաբար Կեսարիա ժամանեցին նաեւ լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, Պատրիարքական Աթոռի Արմաշ դպրաց դաս-երգչախումբի անդամները՝ գլխաւորութեամբ դպրապետ Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի։

Նորին Ամենապատուութիւնը նոյն օրը հանդիպում մը ունեցաւ Կեսարիոյ գլխաւոր քաղաքապետ տքթ. Մեմտուհ Պիւյիւքքըլըչին հետ։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան Կեսարիոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Զատիկ Թոքէր եւ Կարօ Պաղտատ։ Մտերմիկ զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը քաղաքապետին պարզեց աւանդական դարձած այցելութեան նպատակը եւ ըսաւ, թէ հակառակ բացասական բոլոր պայմաններուն, երկրաշարժին եւ այլն, փափաքած են այս տարի իրականացնել այս ուխտագնացութիւնը։ Այս առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը փափաքած էր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ նաեւ Կեսարիոյ գլխաւոր քաղաքապետին։

Քաղաքապետ տքթ. Մեմտուհ Պիւյիւքքըլըչ ողջունեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այցելութիւնը։ Զրոյցի նիւթ դարձան քաղաքի հնէաբանական աշխատանքները, երկրաշարժն ու արդիւնքները եւ այլն։ Բաց աստի, քաղաքապետ տքթ. Պիւյիւքքըլըչ հետաքրքրուեցաւ ուխտագնացութեամբ եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց ամէն տեսակի օժանդակութեան համար։ Հուսկ, տեղի ունեցան յուշանուէրներու փոխանակումներ։ Այսպէս, Կեսարիոյ քաղաքապետը ի յիշատակ այս այցելութեան գեղեցիկ պնակ մը նուիրեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնն ալ Կարօ Քիւրքմանի հեղինակած հայ ոսկերիչներու հատորը նուիրեց քաղաքապետին։

Միւս կողմէ, նոյն երեկոյեան Պատրիարք Հայրը մասնակցեցաւ ուխտաւորներու սարքած ընթրիքին։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս երեկոյեան կը վերադառնայ իր Աթոռը։

Ուրբաթ, Մարտ 17, 2023