ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ հայկական հարցին շուրջ Եւրոխորհրդարանին կողմէ ընդունուած որոշումը Թուրքիոյ տեսակէտէ չեղեալ կը համարուի։
Դէպի Աստանա կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին Էրտողան երէկ մասնակցեցաւ Թուրքիա-Ղազախիստան գործարար ֆորումին։ Ղազախիստանի Նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի մասնակցութեամբ կազմակերպուած հաւաքոյթին ժամանակ Էրտողան ունեցաւ ելոյթ մը եւ այս առթիւ անդրադարձաւ Եւրոխորհրդարանի վերջին որոշման։ Այս առթիւ ան ուշադրութիւն հրաւիրեց շարք մը հանգամանքներու վրայ եւ ըսաւ. «Այստեղ կ՚ուզեմ կրկնել հայոց ուղղեալ իմ բարեկամութեան կոչս։ Եկէ՛ք, պատմութիւնը թողունք պատմաբաններուն եւ մենք մեր հասարակաց շահերուն, մեր հասարակաց անցեալին լոյսին տակ կառուցենք նոր ապագայ մը»։
Էրտողանի խօսքերով, պատմութեան բոլոր շրջաններուն, թէ՛ իր սահմաններէն ներս ապրած քաղաքացիներուն եւ թէ իր տարածքաշրջանի բոլոր հաւաքականութիւններուն համար Թուրքիա միշտ եղած է՝ արդարութեան, անդորրութեան եւ անվտանգութեան երկիր մը։
«Անցեալի մէջ ապրուածները պատրուակելով այսօր Թուրքիան ու մեր ազգը մեղադրողները նախեւառաջ անարդարութիւն կը գործեն պատմութեան դէմ։ Ի զուր ջանք կը գործադրեն բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն որպէս բացարձակ ճշմարտութիւն Թուրքիոյ համար ընդունելի դարձնել ցեղասպանութեան նման բան մը, որ անցեալի մէջ բացարձակապէս չէ պատահած։ Այս նիւթին շուրջ խորհրդարաններուն մէջ առնուած որոշումները մեզի համար չեղեալ կը նկատուին։ Այս նիւթին շուրջ քաղաքական գործիչներու բոլոր արտայայտութիւնները մեզի համար չեղեալ կը նկատուին, ինչպէս նաեւ Եւրոխորհրդարանի որոշումը։ Կ՚ուզեմ ձեզի հետ մասնաւորապէս բաժնել հանգամանք մը։ Թուրքիա որեւէ խնդիր, որեւէ դժուարութիւն չունի հայ ժողովուրդին հետ։ Նոյն շրջանին մեր ազգին կրած ցաւերը, հաւատացէք, այս բանէն աւելի նուազ չէ, աւելի շատ է։ Ասով հանդերձ, հայոց նկատմամբ մեր բարեկամութեան զգացումները տակաւին կենդանի են։ Մեր երկրին մէջ մօտաւորապէս 40 հազար քաղաքացի ունինք։ Կան նաեւ Հայաստանէն խոյս տալով մեր երկիրը հաստատուած եւ այս պահուն մեր մօտ հիւրընկալուած 40 հազար մարդիկ։ Ես անցեալ տարի Ապրիլի 23-ին բարեկամութեան ձեռք երկարեցի Հայաստանին։ Բայց, մեր երկարած ձեռքը դժբախտաբար մնաց օդին մէջ։ Այն պետութիւնները, հաստատութիւնները, որոնք 1915 թուականի դէպքերը պատրուակելով այսօր մեր երկրին դէմ որոշումներ կ՚առնեն, բացարձակապէս մտադրութիւն չունին հայոց իրաւունքը պաշտպանելու, ցաւերը բաժնելու։ Նման որոշումները հայոց չարաշահումով Թուրքիոյ դէմ թշնամութեան ցոլացումէն բաղկացեալ է։ Ինչպէս ըսի քիչ առաջ, նման բոլոր որոշումները մեզի համար չեղեալ կը նկատուին», յայտարարեց Էրտողան Աստանայի մէջ։
Էրտողանի այս ելոյթին զուգահեռ Եւրոխորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլցն ալ երէկ հեռաձայնային կապ հաստատեց Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Շուլց նշեց, որ ինք բացակայած է վերջին որոշման ընդունուած Եւրոխորհրդարանի նիստէն, տեղեակ է այս հարցին վերաբերեալ Թուրքիոյ դիրքորոշման ու կը հասկնայ Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը։
Իր կարգին, Ահմէտ Տավուտօղլու Եւրոխորհրդարանի որոշման վերաբերեալ Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը արտայայտեց բուռն խօսքերով։ Վարչապետին համոզմամբ, կարգ մը շրջանակներ կը փորձեն պատմութիւնը շեղեցնել քաղաքական նպատակներով եւ նման նախաձեռնութիւնները վնաս կը հասցնեն Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն, նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ ջանքերուն։
Միւս կողմէ, Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ ներկա-յացուած քաղաքական ուժերէն երեքը՝ ԱԳ կուսակցութիւնը, ՃՀՓ եւ ՄՀՓ երէկ համատեղ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան Եւրոխորհրդարանի որոշման դէմ։ Յայտարարութիւնը ստորագրեցին Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Ճեմիլ Չիչէք, ինչպէս նաեւ յիշեալ երեք կուսակցութիւններու խորհրդարանական խմբակցութիւններու ղեկավարները։