ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՇՔԱՆՇԱՆ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց ռու­սա­կան «Կազփ­րոմ» ըն­կե­րու­թեան նա­խա­գահ Ա­լէք­սէյ Միլ­լէ­րը։ Զրու­ցա­կից­նե­րը քննար­կե­ցին ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւա­ռէն ներս հայ-ռու­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ներ­կայ մա­կար­դա­կին եւ զար­գաց­ման հե­ռան­կա­րին վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սերժ Սարգ­սեան ընդգ­ծեց, որ Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ ռազ­մա­վա­րա­կան դաշ­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­կե­րու­թիւ­նը բո­լոր ո­լորտ­նե­րուն մէջ կը զար­գա­նայ աշ­խուժօ­րէն եւ կ՚ամ­րապն­դուի։ Տնտե­սա­կան բա­ղադ­րի­չը մե­ծա­պէս կա­րե­ւոր է երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։ Այս ծի­րէն ներս զգա­լի դեր ու­նի կա­զաու­ժա­նիւ­թա­յին ե­րե­սա­կը։ Սերժ Սարգ­սեան բարձր գնա­հա­տեց Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան յա­ռա­ջա­տար ըն­կե­րու­թիւն­նե­րէն մէ­կուն՝ «Կազփ­րոմ Ար­մե­նիա»ի մի­ջո­ցաւ երկ­րէն ներս «Կազփ­րոմ»ի կող­մէ ծա­ւա­լուած գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, որ ուղ­ղա­կիօ­րէն կ՚անդ­րա­դառ­նայ նաեւ տնտե­սու­թեան այլ ճիւ­ղե­րու զար­գաց­ման վրայ։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով ըն­կե­րու­թեան աշ­խա­տան­քը, նաեւ Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ տնտե­սա­կան կա­պե­րու զար­գաց­ման ու ամ­րապնդ­ման, հայ եւ ռուս ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բա­րե­կա­մու­թեան ամ­րապնդ­ման ուղ­ղու­թեամբ ներդ­րած նշա­նա­կա­լի ա­ւան­դը՝ Սերժ Սարգ­սեան Ա­լէք­սէյ Միլ­լէ­րը պար­գե­ւատ­րեց Բա­րե­կա­մու­թեան շքան­շա­նով։

Իր կար­գին, Միլ­լէր շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց այս բարձր պար­գե­ւին եւ իր ղե­կա­վա­րած ըն­կե­րու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան նման գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նաց­ման կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց, թէ «Կազփ­րոմ»ը՝ ե­րա­խա­նե­րուն» ծրագ­րի շրջա­նակ­նե­րէն ներս Ե­րե­ւա­նի մէջ կառու­ցուե­լիք ու­սում­նա­մար­զա­կան հա­մա­լի­րի հիմ­նար­կէ­քի ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ պի­տի գտնուէր։ Ա­լէք­սէյ Միլ­լէր վստա­հե­ցուց, թէ «Կազփ­րոմ» այ­սու­հե­տեւ եւս պատ­րաստ է մեծ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ եւ նա­խա­տե­սուած ժամ­կէտ­նե­րուն մէջ Հա­յաս­տա­նի մէջ ի­րա­կա­նաց­նել ըն­կե­րու­թեան առ­ջեւ դրուած բո­լոր խնդիր­նե­րը՝ այդ­պէ­սով նպաս­տե­լով Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի միջ­պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու առա­ւել ամ­րապնդ­ման։

Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Ա­լէք­սէյ Միլ­լէր Սերժ Սարգսեա­նին ներ­կա­յա­ցուց իր ղե­կա­վա­րած ըն­կե­րու­թեան Հա­յաս­տա­նի ըն­թա­ցիկ գոր­ծու­նէու­թեան եւ յա­ռա­ջի­կայ ծրագ­րե­րուն վե­րա­բե­րեալ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ։ Ան շեշ­տեց, թէ այդ ամ­բող­ջին մէջ կա­րե­ւոր տեղ կը զբա­ղեց­նեն նաեւ ըն­կե­րա­յին ծրագ­րե­րը։ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2015