ԷԹԻԷՆ ՄԱՀՉՈՒՊԵԱՆ ՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԿՈՉՈՒԱԾ
Վարչապետի աւագ խորհրդական Էթիէն Մահչուպեան կոչուեցաւ հանգստեան։ Երէկ, զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ լայն արձագանգ գտաւ այս իրադարձութիւնը։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներուն, ան հանգստեան կոչուեցաւ տարիքի բերմամբ։
Էթիէն Մահչուպեան ծնած է 1950 թուականին։ Անցեալ Մարտի 8-ի դրութեամբ յառաջացած է տարիքի սահմանումի բերումով խնդիր մը իր պարագային։ Այս կապակցութեամբ ան մամուլին յայտարարեց, թէ սա թեքնիկ բնոյթով հարց մըն է եւ լուծման եզր մը պիտի գտնուի իր պաշտօնավարութեան տեւականացման համար։ Բայց եւ այնպէս Վարչապետարանին կողմէ այդ եզրը գտնել կարելի չեղաւ Էթիէն Մահչուպեանի պարագային։
Երէկ Էթիէն Մահչուպեան տեղեկացուց, թէ Մարտ ամսուան սկիզբին հանգստեան կոչուած է տարիքի սահմանման բերումով եւ խորհրդականի պաշտօնը յառաջ կը տանի կամաւոր ձեւով։ Իսկ Վարչապետարանի իրաւասուները տեղեկացուցին, որ Էթիէն Մահչուպեան այլեւս խորհրդականի պաշտօն չի վարեր։
Աւագ խորհրդականի պաշտօնը վարելու ժամանակ Էթիէն Մահչուպեանի կողմէ կատարուած շարք մը յայտարարութիւնները պատճառ դարձած էին լուրջ վէճերու։ Ան ուշագրաւ յայտարարութիւններով հանդէս եկած էր նաեւ հայկական հարցին շուրջ։