ԿՐԹԱԿԱՆ ՆՈՒՐԲ ՀԱՐՑԵՐ

Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կին (Tarih Vakfı) կող­մէ 2015-ի տա­րե­լի­ցին առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած զրոյց­նե­րու շար­քը ե­րէկ շա­րու­նա­կուե­ցաւ հե­տաքրք­րա­կան հանգ­րուա­նով մը։ Այս առ­թիւ օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան կրթու­թեան բնա­գա­ւա­ռի վե­րա­բե­րեալ շարք մը հիմ­նա­հար­ցեր, ո­րոնք կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն կող­մէ ո­րա­կուած էին կրթա­կան նուրբ խնդիր­ներ։ Ե­րէ­կուան ա­տե­նա­խօս­ներն էին Իս­թան­պու­լի «Պիլ­կի» հա­մալ­սա­րա­նէն Քե­նան Չա­յըր, «Սա­պան­ճը» հա­մալ­սա­րա­նէն Այ­շէ Կիւլ Ալ­թը­նայ եւ «Օ­քան» հա­մալ­սա­րա­նէն Ու­մուտ Ա­զաք։ Նիս­տը վա­րեց Էօ­մէր Թու­րան, որ այս զրոյց­նե­րու շար­քի հա­մա­կար­գող­նե­րէն մին է։

Ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին մաս­նա­գէտ­նե­րը խօ­սե­ցան ընդ­հան­րա­պէս խտրա­կա­նու­թեան հար­ցե­րուն եւ կրթա­կան ո­լոր­տէ ներս ա­նոր ու­նե­ցած դրսե­ւո­րում­նե­րուն ա­ռըն­չու­թեամբ եւ այդ ծի­րէն ներս մեկ­նա­բա­նուե­ցաւ նաեւ 1915-ի օ­րի­նա­կը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2015