ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ԼՈՒՐՋ ՎՆԱՍՆԵՐ

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ տեղ­ւոյն հա­յու­թեան են­թար­կուած ող­բեր­գու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Վեր­ջին օ­րե­րուն բռնի դէպ­քե­րը սաստ­կա­ցած են Հա­լէ­պի մէջ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ այս պատ­ճա­ռով քա­ղա­քի հայ­կա­կան կա­ռոյց­նե­րը կրած են լուրջ վնաս­ներ։

Հայ­կա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­լէ­պի հա­յաբ­նակ թա­ղա­մա­սե­րու հրթի­ռա­կո­ծու­թիւն­նե­րը թափ ստա­ցած են վեր­ջին օ­րե­րուն։ Բա­րե­բախ­տա­բար մարդ­կա­յին կո­րուստ­ներ չկան։ Ըստ նոյն աղ­բիւր­նե­րուն, հրա­սանդ­նե­րէն լուրջ վնաս­ներ կրած է Թէ­քէ-եան մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նը, որ կը գտնուի Հա­լէ­պի Ֆա­րահթ հրա­պա­րա­կին կից:

Նշենք նաեւ, օ­րեր ա­ռաջ վնա­սուած էր նաեւ Սի­մոն Վրա­ցեան կեդ­րո­նը, ուր ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս տե­ղա­փո­խուած էր Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նը։

Միւս կող­մէ, այս օ­րե­րուն օ­րա­կար­գի վրայ կը գտնուի նաեւ շարք մը սու­րիա­հա­յե­րու կող­մէ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան ուղ­ղեալ տար­հան­ման խնդրան­քը։ Հան­րա­յին կար­ծի­քին մօտ լայն ար­ձա­գանգ գտած է այս ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը, ո­րու կա­պակ­ցու­թեամբ Հա­լէ­պի Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի բան­բեր Ժի­րայր Րէի­սեան յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­րած է «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նին։ Ըստ ի­րեն, ի­րենք գա­ղու­թը լու­ծա­րե­լու նշա­նա­կու­թեամբ քայ­լի մը չեն ձեռ­նար­կեր։ Վեր­ջին շրջա­նին հա­մա­ցան­ցի մէջ եւս կը շա­րու­նա­կուին հա­լէ­պա­հա­յե­րը Սու­րիա­յէն դուրս բե­րե­լու վե­րա­բե­րեալ կո­չե­րը, մինչ հրթի­ռա­հա­րում­նե­րը կ՚ապ­րուին ա­մէն օր։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ Ժի­րայր Րէի­սեան ը­սած է հե­տե­ւեա­լը.

«Մենք գա­ղու­թը լու­ծա­րե­լու նման քայ­լի մէջ չենք: Հե­տե­ւա­բար, ով որ դժուա­րու­թիւն ու­նի, ա­նոր իր դժուա­րու­թիւն­նե­րուն նե­ցուկ կանգ­նե­լու պար­տա­ւո­րու­թիւն ու­նինք եւ ար­դէն կը կա­տա­րուի: Իսկ Սու­րիոյ կամ Հա­լէ­պի սահ­ման­նե­րէն դուրս մենք ը­սե­լիք չու­նինք»:

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2015