ԲԵՐԿՐԱՆՔ ԵՒ ԽՆԴՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղե­ցին ե­րէկ մեծ շու­քով եւ հո­գե­ւոր ցնծու­թեամբ նշեց Քրիս­տո­սի Հրա­շա­փառ Սուրբ Յա­րու­թիւ­նը։ Ինչ­պէս ա­մէն տա­րի, այս տա­րի եւս Ս. Զա­տի­կը բերկ­րան­քի եւ խնդու­թեան տօ­նի մը վե­րա­ծուե­ցաւ։ Տա­ղա­ւա­րի առ­թիւ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ զա­ւակ­նե­րը աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն զի­րար ող­ջու­նե­ցին տօ­նա­կան ա­ւե­տի­սով, իսկ ա­ւան­դա­կան հաւկ­թա­մար­տեր վե­րա­ծուե­ցան հո­գե­ւոր հրճուան­քի դրսե­ւոր­ման։

Ինչ­պէս ա­մէն տա­րի, այս տա­րի եւս հա­մայն հա­յու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը տօ­նա­կան օ­րով կեդ­րո­նա­ցած էր Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ընդ­հան­րա­կան կեդ­րո­նին՝ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի վրայ։ Ե­րէկ ա­ռա­ւօտ Միած­նաէջ Մայր Տա­ճա­րի զան­գե­րը ղօ­ղան­ջե­ցին տօ­նա­կան ա­ւե­տի­սով։ Ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց եւ տա­ղա­ւա­րի Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը։ Այս առ­թիւ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը Ս. Զատ­կի պատ­գա­մը յղեց իր աշ­խար­հաս­փիւռ հօ­տին՝ Մայր Տա­ճա­րի լու­սա­շող խո­րա­նէն։ Հայ­րա­պե­տա­կան Ս. Պա­տա­րա­գը ար­բա­նեա­կի մի­ջո­ցաւ ու­ղիղ ե­թե­րով տե­սասփ­ռուե­ցաւ եւ աշ­խար­հի հա­յու­թիւ­նը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցաւ հե­տե­ւե­լու սրբա­զան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն։

Հայ­րա­պե­տա­կան լրիւ հան­դեր­ձան­քի մէջ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ծան­րա­շուք թա­փօ­րով մը ամպ­հո­վա­նիով վե­հա­րա­նէն ա­ռաջ­նոր­դուե­ցաւ Մայր Տա­ճար, ուր հա­ւա­քուած էր հոծ բազ­մու­թիւն մը։ Բնա­կա­նա­բար, Սուրբ Էջ­միա­ծին փու­թա­ցած հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն թի­ւը ան­հա­մե­մա­տօ­րէն ա­ւե­լի բարձր էր՝ քան Մայր Տա­ճա­րի տա­րո­ղու­թիւ­նը։ Ուս­տի, օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան հա­զա­րա­ւոր­ներ Ս. Զատ­կի առ­թիւ փու­թա­ցին Սուրբ Էջ­միա­ծին, ուր կա­տա­րե­ցին ի­րենց ուխ­տի ա­ղօթ­քը։ Մայր Ա­թո­ռի հայ­րա­պե­տա­կան Ս. Պա­տա­րա­գին ներ­կայ գտնուե­ցան նաեւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան, Ար­ցա­խի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան եւ ի­րենց կող­մէ գլխա­ւո­րուած ա­ւա­գա­նիէն յա­ռա­ջա­տար դէմ­քեր։ Ս. Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի ա­ռըն­թե­րա­կայ էին Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան եւ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սա­րո­յեան։

Տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու ա­ւար­տին, Մայ­րա­վան­քի հա­մա­լի­րէն ներս, «Ա­լեք եւ Մա­րի Մա­նու­կեան» գան­ձա­տան եր­դի­քին տակ սար­քուե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը վերս­տին ներ­կա­նե­րուն փո­խան­ցեց տօ­նա­կան հրեշ­տա­կա­բար­բառ ա­ւե­տի­սը՝ ա­ղօ­թե­լով հա­յոց աշ­խար­հի խա­ղա­ղու­թեան եւ աշ­խար­հաս­փիւռ հայ ժո­ղո­վուր­դի բա­րօ­րու­թեան հա­մար։

ՊՈԼ­ՍՈՅ ՄԷՋ

Ս. Զատ­կի տօ­նը Իս­թան­պու­լի մէջ ալ նշուե­ցաւ մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ։ Ս. Աստ-ւա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց, տա­ղա­ւա­րի Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց եւ օ­րուան պատ­գա­մը տուաւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեանն ալ Պա­քըր­գիւ­ղի Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ հան­դի­սա­պե­տեց տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն եւ իր պատ­գա­մը տուաւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին։

Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Ս. Զատ­կի տօ­նը հա­մընկ­նե­ցաւ հան­րա­քուէի օ­րուան՝ ե­րէկ Գում­գա­բուի պաշ­տօ­նա­կան ըն­դու­նե­լու­թիւ­նը տե­ղի չու­նե­ցաւ։

Ե­ՐՈՒ­ՍԱ­ՂԷ­ՄԻ ՄԷՋ

Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ այս տա­րի Կա­թո­ղի­կէ եւ Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու Ս. Զատ­կի թուա­կա­նը հա­մընկ­նե­ցաւ՝ շա­բա­թա­վեր­ջին Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ ալ տե­ղի ու­նե­ցան Ս. Զատ­կի փայ­լուն տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ։ Թէ՛ Ս. Յա­րու­թեան տա­ճա­րին եւ թէ Սրբոց Յա­կո­բեանց Հա­յոց Մայր տա­ճա­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցան Ս. Զատ­կի փայ­լուն տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ՝ Հա­յաս­տա­նէն եւ աշ­խար­հի այլ բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րէն Ս. Քա­ղաք մեկ­նած ուխ­տա­ւոր­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։

    

Երկուշաբթի, Ապրիլ 17, 2017