Եռօրեայ Այցելութիւն դէպի Գամիշլի

Բե­րիոյ Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Շա­հան Արք. Սար­գի­սեան հո­վուա­պե­տա­կան ե­ռօ­րեայ այ­ցե­լու­թիւն տուաւ Գա­միշ­լի՝ ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Սու­րիոյ խորհըր-դա­րա­նի ե­րես­փո­խան եւ Ազ­գա­յին ե­րես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պետ Ժի­րայր Ռէի­սեա­նի:

Նախ Ս. Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ «Կա­նո­նա­կան ա­ղօթք» տե­ղի ու­նե­ցաւ, որ­մէ ետք սրբա­զան հայ­րը ող­ջու­նեց ներ­կա­նե­րը՝ իր ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նե­լով այս այ­ցե­լու­թեան ա­ռի­թով: Ան դի­տել տուաւ, որ այ­ցը ա­ռիթ պի­տի հան­դի­սա­նայ մօ­տէն հե­տե­ւե­լու գա­ղու­թի ի­րա­վի­ճա­կին:

Ե­րե­կո­յեան Տ. Շա­հան Արք. Սար­գի­սեան այ­ցե­լե­ցին գա­ղու­թին մէջ գոր­ծող բո­լոր միու­թիւն­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­նե­րը: Հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին լու­սար­ձա­կի տակ առ­նուե­ցաւ տի­րող ի­րա­վի­ճա­կը, ինչ­պէս նաեւ՝ միու­թե­նա­կան աշ­խա­տան­քի առ­կայ խո­չըն­դոտ­նե­րը:

Սրբա­զան հայ­րը բարձ­րօ­րէն գնա­հա­տեց Գա­միշ­լիի կրօ­նա­կան, ազ­գա­յին եւ միու­թե­նա­կան մար­մին­նե­րու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ այս­պի­սի դժուար պայ­ման­նե­րու մէջ:

Գա­միշ­լիի Ս. Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, Տ. Շա­հան Արք. Սար­գի­սեա­նի նա­խա­գա­հու­թեամբ, Կի­րա­կի օր, մա­տու­ցուե­ցաւ Ս. Պա­տա­րագ, ո­րուն ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցաւ Աս­տուա­ծա­մօր պատ­կե­րի օծ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը: Սրբա­պատ­կե­րը պի­տի զե­տե­ղուի ե­կե­ղեց­ւոյ խո­րա­նին վրայ:

Սրբա­զան հայ­րը իր քա­րո­զին մէջ շեշ­տեց պա­հե­ցո­ղու­թեան հո­գե­ւոր նշա­նա­կու­թիւ­նը՝ ը­սե­լով. «Ա­ւե­տա­րա­նը կ՚ը­սէ՝ նախ քու աչ­քիդ մէ­ջի գե­րա­նը տես, յե­տոյ՝ դի­մա­ցի­նիդ աչ­քին մէ­ջի պզտիկ շիւ­ղը: Պա­հոց քա­ռա­սուն օ­րե­րը սրտի մաք­րու­թեան, ինք­նասր­բագ­րու­մի եւ անդ­րա­դար­ձի օ­րեր են: Մեծ պահ­քի քա­ռա­սուն օ­րե­րուն ըն­թաց­քին ե­կե­ղեց­ւոյ ա­րա­րո­ղու­թեան մէջ հիմ­նա­կա­նը Աս­տու­ծոյ խօսքն է: Հիմ­նա­կա­նը Ս. Գիր­քի ըն­թեր­ցում­ներն են, ո­րոնք Տի­րոջ խօս­քին վրայ կը կեդ­րո­նաց­նեն մեր ամ­բողջ ու­շադ­րու­թիւ­նը»: Ա­պա սրբա­զան հայ­րը կրկնեց Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի Հա­լէպ այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին ար­տա­սա­նած քա­րո­զին գլխա­ւոր միտ­քե­րը՝ ը­սե­լով. «Վե­րա­նո­րո­գում, վե­րա­կանգ­նում, վե­րա­շի­նու­թիւն բա­ռե­րուն մէջ խտա­ցուած էր կա­թո­ղի­կո­սին քա­րո­զը: Սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին նա­հա­տակ­ներ ու­նե­ցանք, կա­ռոյց­ներ քան­դուե­ցան, տու­ներ փլա­տակ դար­ձան, ե­կե­ղե­ցի­ներ եւ դպրոց­ներ հրկի­զուե­ցան… Այ­սուհե­տեւ վե­րա­շի­նու­թեան ծրա­գի­րը գոր­ծի դրուե­ցաւ ու ին­կած­նե­րը պէտք է ոտ­քի կանգ­նեց­նել, մար­դու ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նել, ո­րով­հե­տեւ վե­րա­նո­րո­գուած մար­դը միայն կրնայ եր­կի­րը, հա­մայն­քը վե­րա­կանգ­նել: Վե­րա­շի­նու­թեան ծրա­գի­րը պի­տի շա­րու­նա­կուի Աս­տու­ծոյ ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ եւ ե­կե­ղե­ցա­կան, ազ­գա­յին, միու­թե­նա­կան աշ­խա­տան­քով՝ մեր ժո­ղո­վուր­դին մաս­նակ­ցու­թեամբ»:

Պա­տա­րա­գէն ետք սրբա­զան հայ­րը այ­ցե­լեց Ս. Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ Կի­րակ­նօ­րեայ դպրոց, տե­սակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ տնօ­րէ­նու­թեան եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մին հետ, մեծ ու­րա­խու­թեամբ եւ խան­դա­վա­ռու­թեամբ հե­տե­ւե­ցաւ փոք­րիկ­նե­րու աշ­խա­տան­քին:

Իսկ յա­ջորդ օ­րը, սրբա­զան հայ­րը, Ժի­րայր Ռէի­սեա­նի, Գա­միշ­լիի Ազ­գա­յին Եփ­րատ վար­ժա­րան­նե­րու հո­գա­բար­ձու­թեան եւ թա­ղա­կա­նու­թեան կազ­մե­րուն ու Գա­միշ­լիի քա­հա­նայ հօր հետ այ­ցե­լե­ցին Գա­միշ­լիի ազ­գա­յին ե­րեք վար­ժա­րան­նե­րը: Ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ ա­ղօ­թե­լէ ետք, սրբա­զան հայ­րը ող­ջու­նեց հայ ա­պա­գայ սե­րուն­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ո­րոնց փայ­լուն աչ­քե­րուն մէջ կը ցո­լայ հա­յու փայ­լուն ա­պա­գան: Ա­պա ան յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց ա­նոնց ի­րենց եւ գա­ղու­թի մէջ գոր­ծող բո­լոր միու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք մարդ կեր­տե­լու պար­տա­կա­նու­թիւ­նը ստանձ­նած են պա­տե­րազ­մի տագ­նա­պա­լի այս տա­րի­նե­րուն: Եզ­րա­փա­կե­լով՝ սրբա­զան հայ­րը Աս­տուծ­մէ խնդրեց, որ խա­ղա­ղու­թիւն, բար­գա­ւա­ճում եւ մշտա­կան վե­րելք պար­գե­ւէ Հա­յաս­տա­նին ու սու­րիա­կան հայ­րե­նի­քին:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 17, 2017