ՀՐԱԺԵՇՏ ՓԻԼԻՊՊՈՍ ԱՇԸՔԻՆ
Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Փիլիպպոս Աշըքի յուղարկաւորութիւնը, որուն հանդիսապետեց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Հարկ է նշել, որ տօնական օրերուն զուգադիպած իր մահը խոր ցաւ պատճառած էր ընտանիքին եւ բարեկամական շրջանակին։ Փիլիպպոս Աշըք իր ամբողջ կեանքը Գոց շուկայի մէջ անցուցած էր որպէս արհեստաւոր եւ իր շրջանակէն ներս ձեռք բերած՝ բարի համբաւ։ Ան միեւնոյն ժամանակ ընտանեկան տիպար հայր մըն էր, իր հովանին միշտ անպակաս կ՚ընէր հարազատներէն։ Շաբաթ օրուան յուղարկաւորութեան ընթացքին բոլոր յուղարկաւորները իրենց վերջին յարգանքը մատուցին իր բարոյական ներկայութեան առջեւ։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք հանգուցեալին ու կը վշտակցինք համայն իր ընտանիքին։