ՓորթուԳալի ՄԷջ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ Համագումար
«Փորթուգալ-Հայաստան բարեկամութեան միութեան» նախաձեռնութեամբ՝ Լիզպոնի համալսարանի գիրերու բաժանմունքին մէջ կայացած է «Հայոց լեզուի օր» խորագրով համագումար:
«Քանի մը ամիս առաջ հանդիպած էի Լիզպոնի համալսարանի գիրերու բաժինի տնօրէն, Փրոֆ. Փաուլօ Ալպերթոյի հետ, որուն ներկայացուցի համագումարի գաղափարն ու որոշ մանրամասնութիւննր: Ան ողջունեց մեր նախաձեռնութիւնը՝ նշելով, որ իրենց բաժնէն ներս շատ յաճախ տարբեր երկիրներու մշակոյթին ու լեզուին նուիրուած ձեռնարկներ կը կազմակերպուին», ըսած է «Փորթուգալ-Հայաստան բարեկամութեան միութեան» նախագահ Վահէ Մխիթարեան:
Համագումարէն առաջ բաժանմունքի նախասրահին մէջ կայացած է Հայաստանին նուիրուած լուսանկարներու ցուցահանդէս, ուր ներկայացուած է հայ մշակոյթը, պատմամշակութային կարեւոր յուշարձաններ, որոնք կը բնորոշեն եւ կը բնութագրեն Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը: Համագուրը կայացած է բաժանմունքի ամենամեծ դահլիճին մէջ, ուր ներկայ եղած են համալսարանի ուսանողներ, դասախօսներ, ղեկավար մարմնի ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր:
Համագումարը իր ողջոյնի խօսքով բացած է բաժնի փոխ-տնօրէն, Փրոֆ. Ժուաու Տիոնիզիօ: Իսկ Վահէ Մխիթարեան իր ելոյթին ժամանակ ներկայացուցած է միութեան աշխատանքները եւ խօսած՝ ապագայ ընելիքներու մասին: Ան նշած է, որ կը նախատեսեն յառաջիկային երկու համագումար իրականացնել՝ «Հայերը՝ որպէս գիտութեան եւ նորարարութեան ազգ» եւ «Հայկական միջնադարեան ճարտարապետութիւն եւ եկեղեցաշինութիւն» խորագրերով:
Համագումարը վարած է «Փորթուգալ-Հայաստան բարեկամութեան միութեան» հիմնադիր-անդամ Լիա Խաչիկեան, որ Լիզպոնի մէջ փորթուգալերէն լեզուի ու մշակոյթի ուսումնասիրութեամբ կը զբաղի:
Համագումարին ընթացքին փորթուգալցի հանդիսատեսը հնարաւորութիւն ունեցած է նաեւ ծանօթանալու հայ ժամանակակից քննարերգութեան: Հնչած են Յովհաննէս Թումանեանի, Յովհաննէս Շիրազի, Համօ Սահեանի եւ Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւններէն քանի մը հատ:
Համագումարի աւարտին ելոյթ ունեցած է միութեան հովանիին ներքոյ գործող «Քոնսոնանսիա» լարային նուագախումբի մենակատարներէն կազմուած քառեակը: Հնչած են Կոմիտասի ստեղծագործութիւններն ու ժողովրդական մեղեդիներ: