ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԱՇՆԱԿԻՑ

ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ երէկ շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ։ Ան յայտարարեց, որ Թուրքիա կարեւոր դաշնակից մըն է ուխտին տեսակէտէ։ Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ Սթոլթենպերկ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ան տեսակցութիւններ ունեցաւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Նուրետտին Ճանիքլիի հետ։ Օրուան տեւողութեան, Պեշթեփէի համալիրէն ներս, դաշինքի ընդհանուր քարտուղարը ընդունուեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։ Անգարայի մէջ Սթոլթենպերկ յայտնեց, որ Թուրքիա նուրբ դերակատարութիւն մը ունի դաշինքէն ներս։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Եէնս Սթոլթենպերկ Անգարայի մէջ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն առջեւ ընդհանուր քարտուղարը անդրադարձաւ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններուն։ Ան գոհունակութիւն յայտնեց, թէ այս գործողութիւններուն ծիրէն ներս Թուրքիա առաջնորդուած է թափանցիկ վարուելակերպով։

Չավուշօղլուի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Սթոլթենպերկ տեղեկացուց, որ Անգարայի բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարի խնդիրները եւ Սուրիոյ իրադրութիւնը։ Ընդհանուր քարտուղարը ընդգծեց, որ Թուրքիա շատ արժէքաւոր ու կարեւոր դաշնակից մըն է ՆԱԹՕ-ի տեսակէտէ։ Իր խօսքով, ՆԱԹՕ-ի անդամ ուրիշ որեւէ երկիր Թուրքիոյ նման չէ տուժած ահաբեկչական յարձակումներէ։ ՆԱԹՕ-ի Թուրքիայէ ներս ներկայութեան ալ նպատակն է երկիրը խրախուսել եւ օժանդակութիւն ցուցաբերել։ Արդարեւ, դաշինքը զինուորական զանազան հնարաւորութիւններով ներկայութիւն մը ունի Թուրքիոյ մէջ։

Անդրադառնալով Սուրիոյ դէմ կատարուած վերջին ռմբակոծումներուն՝ Սթոլթենպերկ տեղեկացուց, որ ՆԱԹՕ իրազեկուած է իր դաշնակիցներէն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ կողմէ։ Սուրիոյ ղեկավարութեան քիմիական զէնքեր օգտագործելու հնարաւորութիւնները նուազեցնելու առաջադրութեամբ կատարուած են այդ միջամտութիւնները։ «ՆԱԹՕ կը պախարակէ Սուրիոյ վարչախումբին կողմէ մշտապէս քիմիական զէնքներու օգտագործումը, որովհետեւ անոնք միջազգային խաղաղութեան ու անվտանգութեան դէմ լուրջ սպառնալիք մը կը հանդիսանան», ըսաւ Սթոլթենպերկ եւ աւելցուց, որ քիմիական զէնքերու օգտագործումը պէտք է արգելափակուի եւ այդ ճանապարհին դիմողներն ալ պէտք է ըլլան հաշուետու։ Ըստ Սթոլթենպերկի, ՆԱԹՕ կը պաշտպանէ ՄԱԿ-ի այն ջանքերը, որոնք հետամուտ են Սուրիոյ ճգնաժամը խաղաղ ճանապարհով յաղթահարելու։ ԱՄՆ-ի, Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի կողմէ կատարուած վերջին գործողութիւնը արժանացած է ՆԱԹՕ-ի բոլոր դաշնակիցներու զօրակցութեան։ Սթոլթենպերկ միեւնոյն ժամանակ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ Թուրքիան ալ դաշնակիցներու այս ընդհանուր տրամադրութիւնը խրախուսած է։

Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ Յուլիսին Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած է ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը։ Սթոլթենպերկի երէկուան շփումներուն ընթացքին Անգարայի մէջ աչքէ անցուեցան այդ գագաթաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները։

Եէնս Սթոլթենպերկին Անգարայի մէջ երէկ լրագրող մը հարց տուաւ, թէ արդեօք կրնա՞յ ծագիլ համաշխարհային երրորդ պատերազմ մը։ Ի պատասխան՝ ընդհանուր քարտուղարը յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ կատարուած գործողութիւններու սահմանները յայտնի էին։ Այս փուլէն վերջ լարուածութեան բարձրանալուն համար որեւէ պատճառ չկայ։ Բաց աստի, Անգարա ժամանալէ անմիջապէս առաջ ալ ան յայտնած էր, թէ ՆԱԹՕ նոր պաղ պատերազմի մը կողմնակից չէ։ Իսկ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտնեց, որ Մոսկուայի եւ Արեւմուտքի յարաբերութիւնները շատ աւելի վատ են՝ նոյնիսկ Պաղ պատերազմի տարիներուն բաղդատմամբ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2018