ԿԱՆԱՆՑ ՀԵՏ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) երէկ Նիւ Եորքի մէջ ճաշասեղանով մը պատուեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեանը, որ ներկայիս կ՚այցելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Աննա Յակոբեան այս ուղեւորութիւնը կ՚իրականացնէ՝ «Իմ քայլը» (My Step) եւ «Ժպիտներու քաղաք» (City of Smile) բարեգործական հիմնադրամներու հոգաբարձութիւններու նախագահի հանգամանքով։ Հարկ է նշել, որ այդ հիմնադրամներու գործունէութիւնը ուղղուած է մանուկներու նկատմամբ խնամքի եւ անոնց բուժման։

Նիւ Եորքի մէջ երէկ սարքուած ճաշկերոյթի ընթացքին ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամուհիներէն Արտա Յարութիւնեան ջերմօրէն ողջունեց Աննա Յակոբեանը։ Մինչ ՀԲԸՄ-ի կողմէ կազմակերպուած այս ճաշկերոյթին հրաւիրուած էին սփիւռքահայ բազմաթիւ իգական սեռէ գործիչներ, Աննա Յակոբեանն ալ առանձնապէս կարեւորեց կանանց դերը հայ իրականութենէն ներս։ Իր կողմէ գլխաւորուած հիմնադրամներու նպատակներուն, գործունէութեան եւ ծրագրերուն շուրջ մանրամասնութիւններ փոխանցելու առընթեր, Աննա Յակոբեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն։ Ճաշկերոյթի ընթացքին Աննա Յակոբեան անմիջական մթնոլորտի մէջ շփուեցաւ բոլոր ներկաներուն հետ։

Միւս կողմէ, երէկ, Նիւ Եորքի մէջ Աննա Յակոբեան այցելեց նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2019