ԱՆՄԵՂՈՒԹԵԱՆ ԿԱՆԽԱՎԱՐԿԱԾ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի կառավարութեան միջեւ ծագած բանավէճի արձագանգները կը շարունակուին։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր հրապարակային յորդորով մը հանդէս եկած էր քորոնաժահրի առկայ համաճարակի մթնոլորտին մէջ առողջապահութեան տեսակէտէ խոցելի դարձած բանտարկեալներու նկատմամբ՝ մարդասիրական մղումներով նոր մօտեցում ցուցաբերելու ուղղութեամբ։ Այդ յորդորը կը վերաբերէր ընթացիկ առողջական հարցերով կալանաւորներու եւ նոյն ամբողջին մէջ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձած էր նաեւ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պարագային։ Նորին Սրբութիւնը յորդորած էր, որ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխուի։

Այս յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ Հայաստանի իշխանութիւններու արձագանգը եղաւ բաւական կոշտ։ Նոյնիսկ, կարգ մը իշխանաւորներ շատ անվայել ձեւով արտայայտուեցան Վեհափառ Հայրապետին դէմ, ինչ որ զայրացուց եկեղեցական շրջանակներն ու Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հաւատացեալները։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն միջեւ ծագած լարուածութիւնը մտահոգութեան առարկայ դարձաւ համահայկական հարթութեան վրայ։ Այս ամբողջին մէջ առանձնապէս ուշագրաւ եղաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) նախաձեռնութիւնը։ Այսպէս, ԱԱԾ մեղադրանք առաջադրեց Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեանի դէմ։ Ներկայ պայմաններով, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուական համակարգը երէկ հանդէս եկաւ հերթական յայտարարութիւնով մը՝ Հայաստանի կառավարութեան հետ ծագած բանավէճի մթնոլորտին մէջ։ «Անդրադարձ» խորագրեալ յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է անմեղութեան կանխավարկածի հանգամանքը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը։

*

2020 թուականի ապրիլի 15-ին ԱԱԾ-ի եւ այս վերջնոյն յղուած տեղեկատուական աղբիւրներէն ինչպէս ամբողջ հանրութիւնը, այնպէս ալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը տեղեակ դարձաւ, որ ԱԱԾ-ի քննչական բաժանմունքին գտնուող քրէական գործի շրջանակներէն ներս, 2020 թուականի ապրիլի 13-ին մեղադրանք առաջադրուած է Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Նաւասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյեանին։

Կոչ կ՚ուղղենք հանրութեան, ներառեալ՝ պաշտօնատար անձերու եւ լրատուամիջոցներուն, յարգել անձի՝ օրէնսդրութեամբ երաշխաւորուած անմեղութեան կանխավարկածը եւ ձեռնպահ մնալ անհարկի, շտապողական մեկնաբանութիւններէ եւ անհիմն գնահատականներէ։

Հարկ է արձանագրել, որ քրէական գործով արծարծուած նիւթը զանգուածային լրատուամիջոցներով շրջանառուած է տակաւին 2013 թուականէն սկսեալ, իսկ յիշեալ քրէական գործը յարուցուած է տարիներ առաջ։ Այս համատեսքին մէջ տարակուսելի է, որ յիշեալ քրէական գործին Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեանը որպէս մեղադրեալ ներգրաւելու մասին հրապարակայնացումը ուղղակիօրէն կը յաջորդէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ քորոնաժահրի համավարակի պայմաններուն ներքեւ խոցելի խումբի մէջ գտնուող կալանաւորներու, այդ կարգին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցի փոփոխման վերաբերեալ դիրքորոշման հանրայնացման։

Թէեւ սոյն պարագան կը յառաջացնէ որոշ մտահոգութիւններ, այդուհանդերձ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը փափաքի յուսալ եւ հետամուտ պիտի ըլլայ, թէ քրէական գործով իրականացուի անաչառ, լրիւ ու բազմակողմանի քննութիւն։

Յիշեալ գործով Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեանի իրաւական պաշտպանութիւնը կ՚իրականացուի փաստաբաններու կողմէ, որոնք գործի առընչութեամբ, ըստ անհրաժեշտութեան, կը ներկայացնեն համապատասխան լուսաբանութիւններ եւ պարզաբանումներ։  

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2020